Եւրոմիութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանի մէջ տրուող COVID-19 վկայագիրը

Եւրոյանձնաժողովը 28 Հոկտեմբերին երկու նոր որոշում ընդունած է՝ հաստատելով, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցած Քովիտ-վկայագրերը համարժէք են ԵՄ թուային Քովիտ-վկայագրերուն: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 29 Հոկտեմբերէն: Որոշման հետեւանքով Հայաստանն ու Մեծն Բրիտանիան պիտի միանան ԵՄ համակարգին, եւ անոնց տրամադրած վկայագրերը պիտի ընդունուին Եւրոպական Միութեան մէջ նոյն պայմաններով, ինչ թուային վկայագիրը: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանն ու Միացեալ Թագաւորութիւնը համաձայնած են ճանչնալ ԵՄ թուային վկայագրերը եւրոպական երկիրներէ ճանապարհորդներ ընդունելու առումով: Ըստ Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցիչ Տիտիէ Ռեյնտըրսի՝ ներկայիս 4 ցամաքամաս ներկայացնող 45 երկիր միացած են թուային Քովիտ-վկայագրի համակարգին:
29 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Եւրոմիութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանի մէջ տրուող COVID-19 վկայագիրը

Եւրոյանձնաժողովը 28 Հոկտեմբերին երկու նոր որոշում ընդունած է՝ հաստատելով, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցած Քովիտ-վկայագրերը համարժէք են ԵՄ թուային Քովիտ-վկայագրերուն: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 29 Հոկտեմբերէն:

Որոշման հետեւանքով Հայաստանն ու Մեծն Բրիտանիան պիտի միանան ԵՄ համակարգին, եւ անոնց տրամադրած վկայագրերը պիտի ընդունուին Եւրոպական Միութեան մէջ նոյն պայմաններով, ինչ թուային վկայագիրը:

Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանն ու Միացեալ Թագաւորութիւնը համաձայնած են ճանչնալ ԵՄ թուային վկայագրերը եւրոպական երկիրներէ ճանապարհորդներ ընդունելու առումով:

Ըստ Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցիչ Տիտիէ Ռեյնտըրսի՝ ներկայիս 4 ցամաքամաս ներկայացնող 45 երկիր միացած են թուային Քովիտ-վկայագրի համակարգին:

Հայաստանին վերաբերող բոլոր որոշումները Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ միասին պիտի ընդունի. Չաւուշօղլու
Նախորդ նիւթը

Հայաստանին վերաբերող բոլոր որոշումները Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ միասին պիտի ընդունի. Չաւուշօղլու

Հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւը եռակողմանի աշխատանքային խումբն է. Զախարովա
Յաջորդ նիւթը

Հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւը եռակողմանի աշխատանքային խումբն է. Զախարովա

ԱնցնիլՎեր