Հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւը եռակողմանի աշխատանքային խումբն է. Զախարովա

Անդրկովկասի մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ բանակցութիւններու լաւագոյն ձեւաչափը եռակողմ աշխատանքային խումբն է՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ խօսելով «Զանգեզուրի միջանցքի» հետ կապուած Երեւանի ու Պաքուի միջեւ տարաձայնութիւններու առնչութեամբ Մոսկուայի դիրքորոշման մասին։ Անոր խօսքով՝ այդ ձեւաչափով արդէն 8 նիստ կայացած է, եւ բոլոր կողմերը բարձր գնահատած են աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը։ «Մենք ճիշդ կը համարենք հաւատարիմ մնալ յայտարարութիւններուն եւ քայլերուն, որոնք կը նպաստեն Անդրկովկասի մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման», նշած է Զախարովա։
29 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւը եռակողմանի աշխատանքային խումբն է. Զախարովա

Անդրկովկասի մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ բանակցութիւններու լաւագոյն ձեւաչափը եռակողմ աշխատանքային խումբն է՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ խօսելով «Զանգեզուրի միջանցքի» հետ կապուած Երեւանի ու Պաքուի միջեւ տարաձայնութիւններու առնչութեամբ Մոսկուայի դիրքորոշման մասին։

Անոր խօսքով՝ այդ ձեւաչափով արդէն 8 նիստ կայացած է, եւ բոլոր կողմերը բարձր գնահատած են աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը։ «Մենք ճիշդ կը համարենք հաւատարիմ մնալ յայտարարութիւններուն եւ քայլերուն, որոնք կը նպաստեն Անդրկովկասի մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման», նշած է Զախարովա։

Եւրոմիութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանի մէջ տրուող COVID-19 վկայագիրը
Նախորդ նիւթը

Եւրոմիութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանի մէջ տրուող COVID-19 վկայագիրը

Հայկական տառարուեստը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ
Յաջորդ նիւթը

Հայկական տառարուեստը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ

ԱնցնիլՎեր