Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւն չկայ. Արարատ Միրզոյեան

Եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը որեւէ պահու բանակցութիւններ սկսին խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, ապա այդ բանակցութիւններու օրակարգին մէջ անպայման պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու կողմէ դրուած սկզբունքներու հիման վրայ: Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւնները, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ պէտք է ըլլայ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: «Ատրպէյճանի իշխանութիւններու փոխարէն ես կը կեդրոնանայի 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 Յունուարի եռակողմ յայտարարութիւններով արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վրայ: Այս պահուն խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւններ չի վարուիր»,- ըսած է Միրզոյեանը:
31 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւն չկայ. Արարատ Միրզոյեան

Եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը որեւէ պահու բանակցութիւններ սկսին խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, ապա այդ բանակցութիւններու օրակարգին մէջ անպայման պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու կողմէ դրուած սկզբունքներու հիման վրայ:

Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւնները, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ պէտք է ըլլայ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը:

«Ատրպէյճանի իշխանութիւններու փոխարէն ես կը կեդրոնանայի 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 Յունուարի եռակողմ յայտարարութիւններով արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վրայ: Այս պահուն խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւններ չի վարուիր»,- ըսած է Միրզոյեանը:

Հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը յագեցած է. կայացած է Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Սերկէյ Լաւրովի հետ
Նախորդ նիւթը

Հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը յագեցած է. կայացած է Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Սերկէյ Լաւրովի հետ

«Կոչ կ'ընենք Ատրպէյճանին վերադարձնելու բոլոր հայ գերիները առանց նախապայմաններու». Լաւրով
Յաջորդ նիւթը

«Կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին վերադարձնելու բոլոր հայ գերիները առանց նախապայմաններու». Լաւրով

ԱնցնիլՎեր