Հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը յագեցած է. կայացած է Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Սերկէյ Լաւրովի հետ

Մոսկուայի մէջ կայացած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հանդիպման ընթացքին Սերկէյ Լաւրովն անդրադարձած է նաեւ ԼՂ հարցին՝ ընդգծելով, որ Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով կայ հարցերու ամբողջ շրջանակ մը, որոնք ուղիղ կը քննարկեն Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, Հայաստանի վարչապետը: «Կան հարցեր, որոնք ամենօրեայ ռեժիմով  կը լուծեն մեր զինուորականները, սահմանապահները՝ հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ: Կը գործէ տնտեսական եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբը փոխվարչապետերու մակարդակով»,- ըսած է Լաւրովը: ՌԴ ԱԳ նախարարը նաեւ նշած է, որ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը շատ յագեցած է՝ տնտեսութիւն, ներդրումներ, անվտանգութեան ոլորտ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական, կրթութեան, գիտութեան ոլորտներ: «Մենք կ’ուզենք, որ այդ համագործակցութիւնը շարունակէ զարգանալ՝ ի շահ
31 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը յագեցած է. կայացած է Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Սերկէյ Լաւրովի հետ

Մոսկուայի մէջ կայացած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հանդիպման ընթացքին Սերկէյ Լաւրովն անդրադարձած է նաեւ ԼՂ հարցին՝ ընդգծելով, որ Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով կայ հարցերու ամբողջ շրջանակ մը, որոնք ուղիղ կը քննարկեն Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, Հայաստանի վարչապետը:

«Կան հարցեր, որոնք ամենօրեայ ռեժիմով  կը լուծեն մեր զինուորականները, սահմանապահները՝ հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ: Կը գործէ տնտեսական եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբը փոխվարչապետերու մակարդակով»,- ըսած է Լաւրովը:

ՌԴ ԱԳ նախարարը նաեւ նշած է, որ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգը շատ յագեցած է՝ տնտեսութիւն, ներդրումներ, անվտանգութեան ոլորտ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական, կրթութեան, գիտութեան ոլորտներ: «Մենք կ’ուզենք, որ այդ համագործակցութիւնը շարունակէ զարգանալ՝ ի շահ մեր քաղաքացիներու եւ մեր փոխգործակցութեան»,- նշած է Լաւրովը:

Սերկէյ Լաւրովը շնորհաւորած է Արարատ Միրզոյեանը ՀՀ ԱԳ նախարար նշանակուելու առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնած է առաջին այցը Մոսկուա կատարելու համար:

Նիկոլ Փաշինեանը կը գտնուի կարճատեւ արձակուրդի մէջ
Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեանը կը գտնուի կարճատեւ արձակուրդի մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւն չկայ. Արարատ Միրզոյեան
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւն չկայ. Արարատ Միրզոյեան

ԱնցնիլՎեր