Հայաստանի մէջ մինչեւ տարեվերջ կը կը սպասուի 7 տոկոս տնտեսական աճ. Վարչապետ

Այս տարուայ տնտեսական արդիւնքները ցոյց կու տան, որ տնտեսական յեղափոխութեան իրականացմանն ուղղուած ՀՀ կառավարութեան գործողութիւնները արդարացուած են եւ արդիւնաւէտ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ-ի մէջ Ամերիկեան առեւտուրի պալատի տարեվերջեան հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին մէջ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: «Մեր կառավարութիւնը իր գործունէութեան առաջին օրերէն սկսած հռչակած է Հայաստանի մէջ տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնելու օրակարգը: Ըստ էութեան, առաջին փուլին այդ ճանապարհով երթալու համար հռչակեր ենք երեք հիմնական ուղղութիւն: Առաջինը` քորուփցիայի դէմ պայքարը, երկրորդը` մենաշնորհներու վերացումը եւ երրորդը` ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարը: Մեր առաջին շերտի գործողութիւնները ուղղուած եղած են ասոր, եւ կրնանք արձանագրել, որ 2019 թուականին տնտեսական տարուան
15 Նոյեմբերի 2019
5 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ մինչեւ տարեվերջ կը կը սպասուի 7 տոկոս տնտեսական աճ. Վարչապետ

Այս տարուայ տնտեսական արդիւնքները ցոյց կու տան, որ տնտեսական յեղափոխութեան իրականացմանն ուղղուած ՀՀ կառավարութեան գործողութիւնները արդարացուած են եւ արդիւնաւէտ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ-ի մէջ Ամերիկեան առեւտուրի պալատի տարեվերջեան հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին մէջ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Մեր կառավարութիւնը իր գործունէութեան առաջին օրերէն սկսած հռչակած է Հայաստանի մէջ տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնելու օրակարգը: Ըստ էութեան, առաջին փուլին այդ ճանապարհով երթալու համար հռչակեր ենք երեք հիմնական ուղղութիւն: Առաջինը` քորուփցիայի դէմ պայքարը, երկրորդը` մենաշնորհներու վերացումը եւ երրորդը` ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարը: Մեր առաջին շերտի գործողութիւնները ուղղուած եղած են ասոր, եւ կրնանք արձանագրել, որ 2019 թուականին տնտեսական տարուան արդիւնքներով այս մօտեցումը արդարացուցած է ինքզինք, ցոյց տուած է իր արդիւնաւէտութիւնը, որովհետեւ այս տարի կը սպասոենք 7 տոկոս տնտեսական աճ: Ընդ որում, այդ տնտեսական աճը կը սպասենք՝ ունենալով տնտեսութեան մէջ էական եւ շօշափելի փոփոխութիւններ: Այդ փոփոխութիւններու հիմնական մասը կը ձեւաւորուի ապագայի վերաբերեալ մեր ունեցած տեսլականէն»,- ըսած է Փաշինեանը:

Միւս կողմէ, ՀՀ վարչապետը կը հասկնայ, որ այս երեք գործիքներու ներուժը յաւերժ չէ եւ պէտք է նոր գործիքակազմ կիրառուի յետագայ տնտեսական աճը եւ ներդրումները խթանելու ուղղութեամբ:

«Ի հարկէ, կը հասկանանք, որ այս երեք գործիքները ունին որոշակի ներուժ եւ այդ ներուժը յաւերժ չէ: Նկատի ունիմ՝ ստուերի, քորուփցիայի, մենաշնորհներու դէմ պայքարը, անոնք, բնականաբար, պէտք է ըլլան շարունակական, բայց տնտեսական աճը եւ աշխուժութիւնը խթանելու պաշար ունին եւ այդ պաշարը ինչ-որ պահի պէտք է սպառի: Հետեւաբար, կառավարութիւնը պէտք է նոր գործիքակազմ կիրառէ յետագայ տնտեսական աճը եւ ներդրումները խթանելու  համար»,- եզրափակած է Փաշինեանը:

«Արտախորհրդարանական ուժերը պառակտում կը ստեղծեն» Արմէն Գրիգորեան
Նախորդ նիւթը

«Արտախորհրդարանական ուժերը պառակտում կը ստեղծեն» Արմէն Գրիգորեան

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի հանդիպումները Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի հանդիպումները Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

ԱնցնիլՎեր