Հերթական այցելութեամբ, անցեալ շաբաթ, Երեւան գտնուող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ատեանպետ Ընկ. Մայք Խարապեան հանդիպումներ ունեցաւ երեւանաբնակ կուսակցականներու, ինչպէս նաեւ ԵՌԱԿ-ի անդամ երիտասարդներու հետ:
Հանդիպումները կայացան ՌԱԿի Երեւանի ներկայացուցչական կեդրոնական գրասենեակին մէջ: Ընկ. Խարապեան, ընդհանուր առմամբ, երեւանաբնակ ընկերներուն փոխանցեց վերջին շրջանին կուսակցութեան գործունէութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան Հայաստան այցի նպատակներն ու հանդիպումները՝ Հայաստանի գործող իշխանութիւններու գլխաւոր դէմքերուն հետ:
Ընկ. Խարապեան հանդիպման ընթացքին նաեւ շեշտեց Հայաստանի շրջանին մէջ կուսակցական կեանքի աշխուժացման կարեւորութիւնը, հիմք ընդունելով յառաջիկայ օրերուն կազմակերպուած եւ ծրագրային մօտեցումներով հանդէս գալու հեռանկարը:
Նոյն ծիրին մէջ Ընկ. Խարապեան հանդիպեցաւ ԵՌԱԿ-ի անդամ ընկերներու հետ : Հանդիպման ընթացքին ներկայացուցիչ ընկերը բարձր գնահատեց երիտասարդներու պատրաստակամութիւնը, յատկապէս վերջին շրջանին արդէն իսկ նոր մարմին եւ բովանդակութիւն ստացող ԵԱՌԿ-ի ծիրին մէջ գործող երիտասարդներու աշխոյժութիւնը:
Ընկ. Խարապեան նաեւ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը ապագայ չունի առանց երիտասարդութեան եւ առ այդ կուսակցութեան բարձրագոյն մարմինը ճիգ եւ ջանք պիտի չխնայէ գործակցութեան ձեռք մեկնելու եւ բոլոր առումներով նեցուկ կանգնելու ՌԱԿ-ի երիտասարդ անդամներուն: