Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած եւ առողջացած 130 քաղաքացիներ մասնակցած են հակամարմնի հետազօտութեան

Հայաստանի մէջ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի կողմէն իրականացուող Covid-19-ի հակամարմիններու կամաւոր հետազօտութեանն արդէն մասնակցած է 130-է աւելի մարդ: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի Գիտութեան գծով փոխտնօրէն Կոնստանտին Ենկոյեանը: Ան նշած է, որ հետազօտութիւնը անվճար է, սակայն կրնան մասնակցիլ միայն այն մարդիկ, որոնք ունին «Քորոնա» ժահրի ՊՇՌ քննութեան դրական պատասխան: «18 Օգոստոսի դրութեամբ աւելի քան 130 հոգի արդէն նմուշառուած է: Կը կարծեմ, որ մենք կ’ունենանք 200-է աւելի նմուշ, որոնք պիտի ուղարկենք քննութեան եւ օգոստոսի վերջը արդէն կ’ունենանք առաջին արդիւնքները: Կամաւոր սկզբունքով կրնան նմուշառման գալ այն մարդիկ, որոնք ունին ՊՇՌ դրական քննութիւն, սակայն խորհուրդ կու տանք, որ վարակուելէ ետք մօտ 2 ամիս ժամանակ անցնի, որպէսզի
21 Օգոստոսի 2020
6 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած եւ առողջացած 130 քաղաքացիներ մասնակցած են հակամարմնի հետազօտութեան

Հայաստանի մէջ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի կողմէն իրականացուող Covid-19-ի հակամարմիններու կամաւոր հետազօտութեանն արդէն մասնակցած է 130-է աւելի մարդ: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի Գիտութեան գծով փոխտնօրէն Կոնստանտին Ենկոյեանը:

Ան նշած է, որ հետազօտութիւնը անվճար է, սակայն կրնան մասնակցիլ միայն այն մարդիկ, որոնք ունին «Քորոնա» ժահրի ՊՇՌ քննութեան դրական պատասխան:

«18 Օգոստոսի դրութեամբ աւելի քան 130 հոգի արդէն նմուշառուած է: Կը կարծեմ, որ մենք կ’ունենանք 200-է աւելի նմուշ, որոնք պիտի ուղարկենք քննութեան եւ օգոստոսի վերջը արդէն կ’ունենանք առաջին արդիւնքները: Կամաւոր սկզբունքով կրնան նմուշառման գալ այն մարդիկ, որոնք ունին ՊՇՌ դրական քննութիւն, սակայն խորհուրդ կու տանք, որ վարակուելէ ետք մօտ 2 ամիս ժամանակ անցնի, որպէսզի պատկերը աւելի յստակ ըլլայ»,- ըսած է Կոնստանտին Ենկոյեանը:

«Մենք կ’ընենք հետազօտութիւն, որպէսզի հասկնանք՝ այս հիւանդութենէն մարդու մօտ դիմադրողականութիւն կ’առաջանայ, թէ ոչ: Հիմա միջազգային ասպարէզի մէջ տարբեր տեսակէտեր կան, քանի որ դեռ վաղ է որեւէ յստակ բան ըսելու համար: Վարակը, երբ կը մտնէ մարդու օրկանիզմ, հիւանդին մօտ արդէն կը սկսի ձեւաւորուիլ իմունային պատասխանը: Հակամարմինները քանի մը օրուան ընթացքին կը սկսին առաջանալ: Հիւանդութեան վերջնական շրջանին կ’առաջանայ դիմադրողականութիւն (իմունիտետ) IgG-ն: Մեր խնդիրն է պարզել, թէ որքան այն կը մնայ մարդու օրկանիզմին մէջ: Այն կրնայ նաեւ երկար կամ կարճ մնալ, կախուած հիւանդութեան ընթացքէն»,- նշած է ԵՊԲՀ փոխտնօրէնը:

ԵՊԲՀ Գիտութեան գծով փոխտնօրէն Կոնստանտին Ենկոյեանը նշած է, որ Covid_Antibody նախագիծի շրջածիրէն ներս իրականացուող գործընթացը բացարձակապէս անվնաս է, ինչպէս որեւէ այլ հետազօտութիւն, որուն համար երակէն արիւն վերցնելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը պիտի իրականացնէ նաեւ «Covid-նեյրօ» ծրագիրը, որ կ’ուսումնասիրէ մարդու ջղային համակարգին վրայ Covid-19-ի հետեւանքով առաջացող փոփոխութիւնները:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 477-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 477-ի

Վարչապետի գլխավորությամբ տեղի է ունեցել Անվտանգության խորհրդի հերթական նիստը
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետի գլխավորությամբ տեղի է ունեցել Անվտանգության խորհրդի հերթական նիստը

ԱնցնիլՎեր