Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 477-ի

Հայաստանի մէջ, 21 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 477 դէպք, որոնցմէ 35 693-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 689 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 192 199 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 158 նոր դէպք եւ  217 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 6 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 842): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 75, 82 տարեկան տղամարդիկ եւ 84, 85, 92, 51 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են
21 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 477-ի

Հայաստանի մէջ, 21 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 477 դէպք, որոնցմէ 35 693-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 689 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 192 199 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 158 նոր դէպք եւ  217 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 6 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 842):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 75, 82 տարեկան տղամարդիկ եւ 84, 85, 92, 51 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 253 է:

ՌԱԿ-ը միշտ զօրավիգ է Արցախին. Ընկ. Խարապեան տեսակապով զրուցած է ԱՀ Նախագահ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանին հետ
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ-ը միշտ զօրավիգ է Արցախին. Ընկ. Խարապեան տեսակապով զրուցած է ԱՀ Նախագահ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանին հետ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած եւ առողջացած 130 քաղաքացիներ մասնակցած են հակամարմնի հետազօտութեան
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած եւ առողջացած 130 քաղաքացիներ մասնակցած են հակամարմնի հետազօտութեան

ԱնցնիլՎեր