ՌԱԿ-ը միշտ զօրավիգ է Արցախին. Ընկ. Խարապեան տեսակապով զրուցած է ԱՀ Նախագահ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանին հետ

Այսօր՝ 20 Օգոստոս 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան տեսակապի միջոցաւ զրուցած է ԱՀ նախագահ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանին հետ: Ընկ. Խարապեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Պրն. Յարութիւնեանին՝ ընձեռած առցանց հանդիպման առիթին համար: Ան ըսած է, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը մօտէն կը հետեւի նախագահի ծաւալած գործունէութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ նախատեսուած ծրագիրներուն, բարձր գնահատելով անոր աշխատանքը եւ պատասխանատու մօտեցումները: Ընկ. Խարապեան նաեւ դիտել տուած է, որ ՌԱԿ-ը Արցախի ազատագրութիւնը կը նկատէ մեր հողերու պահանջատիրութեան առաջին քայլը: Ան վերահաստատած է, որ մեր կուսակցութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդին եւ պետականութեան կողքին, հետեւաբար ամբողջութեամբ զօրավիգ է նաեւ երկրի ընտրուած նախագահին: «Մենք, ինչպէս միշտ, այսօր եւս պատրաստակամ ենք Արցախի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման,
20 Օգոստոսի 2020
6 ր. ընթերցում
ՌԱԿ-ը միշտ զօրավիգ է Արցախին. Ընկ. Խարապեան տեսակապով զրուցած է ԱՀ Նախագահ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանին հետ

Այսօր՝ 20 Օգոստոս 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան տեսակապի միջոցաւ զրուցած է ԱՀ նախագահ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանին հետ:

Ընկ. Խարապեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Պրն. Յարութիւնեանին՝ ընձեռած առցանց հանդիպման առիթին համար: Ան ըսած է, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը մօտէն կը հետեւի նախագահի ծաւալած գործունէութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ նախատեսուած ծրագիրներուն, բարձր գնահատելով անոր աշխատանքը եւ պատասխանատու մօտեցումները:

Ընկ. Խարապեան նաեւ դիտել տուած է, որ ՌԱԿ-ը Արցախի ազատագրութիւնը կը նկատէ մեր հողերու պահանջատիրութեան առաջին քայլը: Ան վերահաստատած է, որ մեր կուսակցութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդին եւ պետականութեան կողքին, հետեւաբար ամբողջութեամբ զօրավիգ է նաեւ երկրի ընտրուած նախագահին:

«Մենք, ինչպէս միշտ, այսօր եւս պատրաստակամ ենք Արցախի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման, երկրի խաղաղ ու բնականոն զարգացման ուղղութեամբ ամէն տեսակի փոխհամագործակցութեան»,- ըսած է Ընկ. Խարապեան:

Քննարկուած են նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ համատեղ ընելիքներն ու առկայ հիմնախնդիրները:

Պրն. Յարութիւնեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնելով, ըսած է, որ իրեն համար եւս պատիւ է, անկախ ձեւաչափէն, հաղորդակցիլ ՌԱԿ-ի Ատենապետ Ընկ. Խարապեանին հետ, ակնկալելով, որ յառաջիկային կը հանդիպին Արցախի մէջ:

ԱՀ Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է, որ ՌԱԿ-ը մշտապէս, ե՛ւ ընկերային ծրագրերու, ե՛ւ քաղաքական խնդիրներու հետ կապուած, սատար եղած է Արցախին եւ վստահ է, որ այդ աջակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային:

«Բարձր կը գնահատեմ հայկական աւանդական կուսակցութիւններու եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու դերը Հայրենիքին սատար կանգնելու եւ անոր շարունակական զարգացման գործին մէջ: Պարոն Խարապեանի պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնն այդ ամէնուն հերթական վկայութիւնն է, իսկ մենք մեր հերթին պատրաստակամ ու բաց ենք աշխատելու բոլորին հետ՝ համազգային օրակարգի եւ Արցախին առնչուող հարցերու շուրջ»,- հանդիպման մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահին
Նախորդ նիւթը

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահին

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 477-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 477-ի

ԱնցնիլՎեր