Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 985-ի

Հայաստանի մէջ, 7 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  985 դէպք, որոնցմէ 32 008-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 972 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 172 994 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 166 նոր դէպք եւ  452 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 5 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 777): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 58 տարեկան տղամարդ եւ 46, 78, 73, 89 տարեկան կանայք։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող
7 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 985-ի

Հայաստանի մէջ, 7 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  985 դէպք, որոնցմէ 32 008-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 972 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 172 994 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 166 նոր դէպք եւ  452 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 5 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 777):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 58 տարեկան տղամարդ եւ 46, 78, 73, 89 տարեկան կանայք։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է
Նախորդ նիւթը

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանհայերուն աջակցելու համար դրամահաւաք սկսած է
Յաջորդ նիւթը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանհայերուն աջակցելու համար դրամահաւաք սկսած է

ԱնցնիլՎեր