«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանհայերուն աջակցելու համար դրամահաւաք սկսած է

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի հայերուն աջակցելու համար առցանց դրամահաւաք սկսած է: «Տարիներ շարունակ Լիբանանի հայ համայնքը մեծ նուիրումով սատարած է թէ Հայրենիքին, թէ սփիւռքի համայնքներուն: Այժմ մեր գործելու ժամանակն է»,- նշած են հիմնադրամէն` յորդորելով մասնակցիլ հրատապ դրամահաւաքին: 4 Օգոստոսի երեկոյեան Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած  ուժեղ պայթումին հետեւանքով վնասւուած են նաեւ հայաշատ թաղամասերու տուները, վաճառատուները, կրթական, մշակութային կեդրոնները եւ եկեղեցիները։ Վերջին տուեալներով զոհեւած են 11, իսկ վիրաւորուած 25 հայեր: Հիմնադրամի միջոցով հանգանակութիւն կրնաք կատարել հետեւեալ յղումով։
7 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանհայերուն աջակցելու համար դրամահաւաք սկսած է

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի հայերուն աջակցելու համար առցանց դրամահաւաք սկսած է:

«Տարիներ շարունակ Լիբանանի հայ համայնքը մեծ նուիրումով սատարած է թէ Հայրենիքին, թէ սփիւռքի համայնքներուն: Այժմ մեր գործելու ժամանակն է»,- նշած են հիմնադրամէն` յորդորելով մասնակցիլ հրատապ դրամահաւաքին:

4 Օգոստոսի երեկոյեան Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած  ուժեղ պայթումին հետեւանքով վնասւուած են նաեւ հայաշատ թաղամասերու տուները, վաճառատուները, կրթական, մշակութային կեդրոնները եւ եկեղեցիները։ Վերջին տուեալներով զոհեւած են 11, իսկ վիրաւորուած 25 հայեր:

Հիմնադրամի միջոցով հանգանակութիւն կրնաք կատարել հետեւեալ յղումով։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 985-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 985-ի

Հայաստան առաջին թռիչքով Պէյրութ պիտի ուղարկէ 12 թոն մարդասիրական աջակցութիւն
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան առաջին թռիչքով Պէյրութ պիտի ուղարկէ 12 թոն մարդասիրական աջակցութիւն

ԱնցնիլՎեր