Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է

Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախկին նախագահ, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է։ «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Յատուկ քննչական ծառայութեան մամուլի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։ «Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է ՅՔԾ-ի մէջ քննուող գործի շրջածիրէն ներս։ Առայժմ այլ մանրամասներ չեմ կրնար ըսել, բայց աւելի ուշ տեղեկութիւն կը տրամադրենք»,- նշած է Օհանջանեանը։ Ռոպերթ Նազարեանը 2001 յունուարէն մինչեւ 2003 յունիս զբաղցուցած է Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը, 2008-2018 թուականներուն զբաղցուցած է Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը:   
6 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է

Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախկին նախագահ, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է։

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Յատուկ քննչական ծառայութեան մամուլի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

«Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է ՅՔԾ-ի մէջ քննուող գործի շրջածիրէն ներս։ Առայժմ այլ մանրամասներ չեմ կրնար ըսել, բայց աւելի ուշ տեղեկութիւն կը տրամադրենք»,- նշած է Օհանջանեանը։

Ռոպերթ Նազարեանը 2001 յունուարէն մինչեւ 2003 յունիս զբաղցուցած է Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը, 2008-2018 թուականներուն զբաղցուցած է Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը: 

 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 819-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 819-ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 985-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 985-ի

ԱնցնիլՎեր