Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 819-ի

Հայաստանի մէջ, 6 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  819 դէպք, որոնցմէ 31 556-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7 263 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 171 600 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 233 նոր դէպք եւ  706 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 772): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 62 տարեկան տղամարդ եւ 82 տարեկան կին։ ։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող
6 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 819-ի

Հայաստանի մէջ, 6 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  819 դէպք, որոնցմէ 31 556-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7 263 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 171 600 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 233 նոր դէպք եւ  706 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 772):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 62 տարեկան տղամարդ եւ 82 տարեկան կին։ ։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Պէյրութ
Նախորդ նիւթը

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Պէյրութ

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է
Յաջորդ նիւթը

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ռոպերթ Նազարեանը ձերբակալուած է

ԱնցնիլՎեր