Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Պէյրութ

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ՝ ծանօթանալու այնտեղ տեղի ունեցած հզօր պայթումէն ետք հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կարիքներուն: Այս մասին 6 Օգոստոսի կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: «Այսօր քննարկեցինք եւ որոշեցինք, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը պիտի մեկնի Պէյրութ՝ տեղուոյն վրայ մեր համայնքի կարիքներուն ծանօթանալու եւ մեզի ներկայացնելու համար»,- ըսած է Փաշինեանը: Վարչապետը նշած է, որ Սինանեանը Պէյրութ պիտի մեկնի առաջիկային այնտեղ ուղարկուելիք օդանաւով, որ բժշկական պարագաներ ու միջոցներ հասցնէ Լիբանանի կառավարութեան:
6 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Պէյրութ

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ՝ ծանօթանալու այնտեղ տեղի ունեցած հզօր պայթումէն ետք հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կարիքներուն: Այս մասին 6 Օգոստոսի կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Այսօր քննարկեցինք եւ որոշեցինք, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը պիտի մեկնի Պէյրութ՝ տեղուոյն վրայ մեր համայնքի կարիքներուն ծանօթանալու եւ մեզի ներկայացնելու համար»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը նշած է, որ Սինանեանը Պէյրութ պիտի մեկնի առաջիկային այնտեղ ուղարկուելիք օդանաւով, որ բժշկական պարագաներ ու միջոցներ հասցնէ Լիբանանի կառավարութեան:

ՀՀ կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ. Փաշինեան` Լիբանանին օգնելու մասին
Նախորդ նիւթը

ՀՀ կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ. Փաշինեան` Լիբանանին օգնելու մասին

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 819-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39 819-ի

ԱնցնիլՎեր