ՀՀ կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ. Փաշինեան` Լիբանանին օգնելու մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ։ «Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ: Զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն յայտնելով երէկուան պայթումին եւ զոհերուն կապակցութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւնը առաջարկեցի Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին: Լիբանանի կառավարութիւնն այժմ կարիքները կը գնահատէ եւ գնահատման արդիւնքով Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ»,- գրած է վարչապետը: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է սփոփանքի խօսքերուն համար եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցած Լիբանանի կարիքներուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ
5 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
ՀՀ կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ. Փաշինեան` Լիբանանին օգնելու մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ։

«Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ:

Զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն յայտնելով երէկուան պայթումին եւ զոհերուն կապակցութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւնը առաջարկեցի Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին:

Լիբանանի կառավարութիւնն այժմ կարիքները կը գնահատէ եւ գնահատման արդիւնքով Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ»,- գրած է վարչապետը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է սփոփանքի խօսքերուն համար եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցած Լիբանանի կարիքներուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար: Ան տեղեկացուցած է, որ երկրի իշխանութիւնները կը գործադրեն ամէն ջանք` ստեղծուած խնդիրները հնարաւորինս շուտ յաղթահարելու համար:

100 ԱՄԵԱԿ. Միհրան Տամատեանի Առաքելութիւնն Ու Կիլիկիոյ Միօրեայ Անկախութիւնը
Նախորդ նիւթը

100 ԱՄԵԱԿ. Միհրան Տամատեանի Առաքելութիւնն Ու Կիլիկիոյ Միօրեայ Անկախութիւնը

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Պէյրութ
Յաջորդ նիւթը

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի մեկնի Պէյրութ

ԱնցնիլՎեր