Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 023-ի

Հայաստանի մէջ, 13 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 41 023 դէպք, որոնցմէ 33 897-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 079 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 180 497 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 229 նոր դէպք եւ  405 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 809): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  88 տարեկան տղամարդ եւ 77, 68 տարեկան կանայք։ Բոլորն ալ ունեցած են
13 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 023-ի

Հայաստանի մէջ, 13 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 41 023 դէպք, որոնցմէ 33 897-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 079 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 180 497 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 229 նոր դէպք եւ  405 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 809):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  88 տարեկան տղամարդ եւ 77, 68 տարեկան կանայք։ Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 238 է:

«ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ»․ Հատուած՝ Գերսամ Ահարոնեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայե» հատորէն
Նախորդ նիւթը

«ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ»․ Հատուած՝ Գերսամ Ահարոնեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայե» հատորէն

Փութինն ու Ալիեւը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած բախումը
Յաջորդ նիւթը

Փութինն ու Ալիեւը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած բախումը

ԱնցնիլՎեր