Փութինն ու Ալիեւը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած բախումը

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Քրեմլի փոխանցմամբ՝ զրոյցը կայացած է ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնութեամբ: Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ՝ քննարկելով յուլիսին հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին իրավիճակի սրումը: Ռուսական կողմն ընդգծած է, որ պէտք չէ թոյլ տալ որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ նպաստել լարուածութեան սրման: Ալիեւը շնորհաւորած է  Փութինը «Քորոնա» ժահրի դէմ ռուսական պատուաստանիւթի գրանցման առթիւ: Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը նաեւ յայտնած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի թեմաներ եւ «հաստատած են բոլոր ոլորտներուն մէջ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը»:
13 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Փութինն ու Ալիեւը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած բախումը

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Քրեմլի փոխանցմամբ՝ զրոյցը կայացած է ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնութեամբ:

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ՝ քննարկելով յուլիսին հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին իրավիճակի սրումը: Ռուսական կողմն ընդգծած է, որ պէտք չէ թոյլ տալ որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ նպաստել լարուածութեան սրման:

Ալիեւը շնորհաւորած է  Փութինը «Քորոնա» ժահրի դէմ ռուսական պատուաստանիւթի գրանցման առթիւ:

Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը նաեւ յայտնած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի թեմաներ եւ «հաստատած են բոլոր ոլորտներուն մէջ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը»:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 023-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 023-ի

Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը 17 օգոստոսէն պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն
Յաջորդ նիւթը

Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը 17 օգոստոսէն պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն

ԱնցնիլՎեր