Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 319-ի

Հայաստանի մէջ, 20 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 319 դէպք, որոնցմէ 35 476-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 756 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 190 560 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 263 նոր դէպք եւ  250 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 836): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 55 տարեկան տղամարդ եւ 61, 81 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական
20 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 319-ի

Հայաստանի մէջ, 20 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 319 դէպք, որոնցմէ 35 476-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 756 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 190 560 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 263 նոր դէպք եւ  250 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 836):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 55 տարեկան տղամարդ եւ 61, 81 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 251 է:

Աշակերտները դիմակով դասերուն պիտի մասնակցին, դասերը վեցօրեայ պիտի ըլլան․ նախարար
Նախորդ նիւթը

Աշակերտները դիմակով դասերուն պիտի մասնակցին, դասերը վեցօրեայ պիտի ըլլան․ նախարար

CNN. Տանըլտ Թրամբ մտադիր է առաջադրուիլ երրորդ ժամկէտի համար
Յաջորդ նիւթը

CNN. Տանըլտ Թրամբ մտադիր է առաջադրուիլ երրորդ ժամկէտի համար

ԱնցնիլՎեր