CNN. Տանըլտ Թրամբ մտադիր է առաջադրուիլ երրորդ ժամկէտի համար

Հիմա, արդէն նախագահ ընտրուելու երկրորդ ժամկէտի համար նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին, Տանըլտ Թրամբ կը նախատեսէ շատ աւելի երկար մնալ Սպիտակ տունը, կը գրէ CNN-ը: «Մենք կը պատրաստուինք եկող չորս տարիներուն եւս յաղթել: Անկէ ետք մենք եւս չորս տարի ալ կը մնանք, քանի որ անոնք (դեմոկրատները-խնբ․) լրտեսեր են իմ քարոզարշաւը»,- ԱՄՆ նախագահի խօսքերը մէջբերած է հեռուստաալիքը: «Ի հարկէ, այն, ինչ կ’առաջարկէ Թրամբը, արգիլուած է Սահմանադրութեամբ, որ կը սահմանափակէ նախագահի պաշտօնը երկու ժամկէտով»,- նշած է CNN-ը՝ ընդգծելով, որ եթէ Տանըլտ Թրամբ այս տարի պարտուի, ապա ան տեսականօրէն դարձեալ պիտի կարենայ առաջադրուիլ միայն 2024 թուականին: Հեռուստաալիքը նաեւ պարզաբանած է, որ երբ կը խօսի իր
20 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
CNN. Տանըլտ Թրամբ մտադիր է առաջադրուիլ երրորդ ժամկէտի համար

Հիմա, արդէն նախագահ ընտրուելու երկրորդ ժամկէտի համար նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին, Տանըլտ Թրամբ կը նախատեսէ շատ աւելի երկար մնալ Սպիտակ տունը, կը գրէ CNN-ը:

«Մենք կը պատրաստուինք եկող չորս տարիներուն եւս յաղթել: Անկէ ետք մենք եւս չորս տարի ալ կը մնանք, քանի որ անոնք (դեմոկրատները-խնբ․) լրտեսեր են իմ քարոզարշաւը»,- ԱՄՆ նախագահի խօսքերը մէջբերած է հեռուստաալիքը:

«Ի հարկէ, այն, ինչ կ’առաջարկէ Թրամբը, արգիլուած է Սահմանադրութեամբ, որ կը սահմանափակէ նախագահի պաշտօնը երկու ժամկէտով»,- նշած է CNN-ը՝ ընդգծելով, որ եթէ Տանըլտ Թրամբ այս տարի պարտուի, ապա ան տեսականօրէն դարձեալ պիտի կարենայ առաջադրուիլ միայն 2024 թուականին:

Հեռուստաալիքը նաեւ պարզաբանած է, որ երբ կը խօսի իր քարոզարշաւը լրտեսելնուն մասին, Թրամբ նկատի ունի Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն (FBI)՝ կապուած 2016-ին ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսաստանի հնարաւոր միջամտութեան հետ:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 319-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 319-ի

Der Tagesspiegel․ «Գորշ գայլեր»ը կրնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը տեղափոխել Գերմանիա
Յաջորդ նիւթը

Der Tagesspiegel․ «Գորշ գայլեր»ը կրնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը տեղափոխել Գերմանիա

ԱնցնիլՎեր