Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ստորագրեն Պաքուի առաջարկած Համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը. Չաւուշօղլու

Լոս Անճելըսի թուրք համայնքին հասցէագրած պատգամի մը մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսած է նաեւ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական գործընթացներուն մասին։ Ան պնդած է, որ տեւական խաղաղութեան համար Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ստորագրեն յատկապէս Ատրպէյճանի առաջարկած համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը: Գալով հայ-թրքական յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացին՝ Չաւուշօղլու ըսած է հետեւեալը. «Մենք ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար նշանակած ենք յատուկ ներկայացուցիչներ: Ըսինք՝ Վիեննան ու Մոսկուան մէկ կողմ ձգենք, Հայաստանի մէջ հանդիպինք, որոշ քայլեր առինք՝ մեր օդային տարածքը բացինք, ուղիղ թռիչքները սկսան եւ օդային փոխադրութիւնները, առեւտուրը կը սկսին: Իբրեւ արդիւնք՝ մենք որոշ քայլեր ըրած ենք, բայց Հայաստան, իր վրայ եղած ճնշումներուն
29 Սեպտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ստորագրեն Պաքուի առաջարկած Համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը. Չաւուշօղլու

Լոս Անճելըսի թուրք համայնքին հասցէագրած պատգամի մը մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսած է նաեւ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական գործընթացներուն մասին։

Ան պնդած է, որ տեւական խաղաղութեան համար Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ստորագրեն յատկապէս Ատրպէյճանի առաջարկած համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը:

Գալով հայ-թրքական յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացին՝ Չաւուշօղլու ըսած է հետեւեալը. «Մենք ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար նշանակած ենք յատուկ ներկայացուցիչներ: Ըսինք՝ Վիեննան ու Մոսկուան մէկ կողմ ձգենք, Հայաստանի մէջ հանդիպինք, որոշ քայլեր առինք՝ մեր օդային տարածքը բացինք, ուղիղ թռիչքները սկսան եւ օդային փոխադրութիւնները, առեւտուրը կը սկսին: Իբրեւ արդիւնք՝ մենք որոշ քայլեր ըրած ենք, բայց Հայաստան, իր վրայ եղած ճնշումներուն պատճառով, դեռ չի կրնար մեր ուզած համարձակ քայլերը ընել»։

Նախարարը մեղադրած է «ամերիկահայ որոշ շրջանակներ», որոնք, ըստ իրեն, դէմ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանն այցելած է Ջերմուկ եւ Գորիս
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանն այցելած է Ջերմուկ եւ Գորիս

Հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ վճարուած են, բայց դաշնակիցներու կողմէ զէնքի մատակարարման պարտաւորութիւնները չեն կատարուիր․ Նիկոլ Փաշինեա
Յաջորդ նիւթը

Հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ վճարուած են, բայց դաշնակիցներու կողմէ զէնքի մատակարարման պարտաւորութիւնները չեն կատարուիր․ Նիկոլ Փաշինեա

ԱնցնիլՎեր