Հայաստան ներառուած է աշնանային հանգիստի համար ամենաաժան երկիրներու ցանկին մէջ

Հայաստանն ընդգրկուած է այն երկիրներու ցանկին մէջ, ուր աշնան կարելի է աւելի աժան հանգստանալ. այս մասին հաղորդած են ԹԱՍՍ-ի հարցման մասնակից զբօսաշրջային ընկերութիւններու ղեկավարները։ Աշնան համար առաւել մատչելի արտասահմանեան պտոյտները կը վաճառուին Ապխազիա, Եգիպտոս, Հայաստան, Իրան եւ Պահրէյն ուղղութիւններով։ Մէկ անձի համար դէպի Ապխազիա 1 շաբաթեայ փաթեթները կը կազմեն մօտ 395 տոլար, դէպի Եգիպտոս` մօտ 842 տոլար, դէպի Հայաստան` շուրջ 845 տոլար, իսկ Իրան` 1200 տոլար։ «Առաւել մատչելի կարելի է հանգստանալ նաեւ ԱՄԷ-ի եւ Թուրքիոյ մէջ։ Զբօսաշրջային ընկերութիւնները հոկտեմբեր 15-էն դէպի Թուրքիա եւ Ապխազիա պտոյտնետու գիներու սահուն նուազում կը նկատեն, այն պարագային, երբ դէպի Եգիպտոս, ԱՄԷ, Վենեզուելա եւ Մալտիւներ ուղեգրերու
25 Օգոստոսի 2022
3 ր. ընթերցում
Հայաստան ներառուած է աշնանային հանգիստի համար ամենաաժան երկիրներու ցանկին մէջ

Հայաստանն ընդգրկուած է այն երկիրներու ցանկին մէջ, ուր աշնան կարելի է աւելի աժան հանգստանալ. այս մասին հաղորդած են ԹԱՍՍ-ի հարցման մասնակից զբօսաշրջային ընկերութիւններու ղեկավարները։

Աշնան համար առաւել մատչելի արտասահմանեան պտոյտները կը վաճառուին Ապխազիա, Եգիպտոս, Հայաստան, Իրան եւ Պահրէյն ուղղութիւններով։ Մէկ անձի համար դէպի Ապխազիա 1 շաբաթեայ փաթեթները կը կազմեն մօտ 395 տոլար, դէպի Եգիպտոս` մօտ 842 տոլար, դէպի Հայաստան` շուրջ 845 տոլար, իսկ Իրան` 1200 տոլար։

«Առաւել մատչելի կարելի է հանգստանալ նաեւ ԱՄԷ-ի եւ Թուրքիոյ մէջ։ Զբօսաշրջային ընկերութիւնները հոկտեմբեր 15-էն դէպի Թուրքիա եւ Ապխազիա պտոյտնետու գիներու սահուն նուազում կը նկատեն, այն պարագային, երբ դէպի Եգիպտոս, ԱՄԷ, Վենեզուելա եւ Մալտիւներ ուղեգրերու արժէքը կ’աճի սեզոնով պայմանաւորուած»,- կը հաղորդէ լրատուական գործակալութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանն իր կայուն տեղն ունի ռուսերու համար ամենապահանջուած ուղղութիւններու ցանկին մէջ, 2022 թուականի ամրան ալ դարձած է առաջատար։ Այս տարի Հայաստան առաջ անցած է Թուրքիայէն, Ղրղզստանէն, Ղազախստանէն եւ Յունաստանէն։

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը նոր ամերիկացի համանախագահ ունի
Նախորդ նիւթը

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը նոր ամերիկացի համանախագահ ունի

Ստեփանակերտի շինութիւններէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է, որմէ ետք պայթում եղած է
Յաջորդ նիւթը

Ստեփանակերտի շինութիւններէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է, որմէ ետք պայթում եղած է

ԱնցնիլՎեր