ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը նոր ամերիկացի համանախագահ ունի

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է Կովկասեան բանակցութիւններուն մէջ ԱՄՆ ներկայացուցիչ եւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի համանախագահ: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաստատած է, որ պատրաստ է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն: Նշուած է, որ համանախագահ Ռիքըր պիտի փոխգործակցի գործընկերներու հետ, ինչպիսիք են Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահի իր դերով պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան: Նշենք, որ մինչ այս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահն էր Էնտրիւ Շոֆըրը։
25 Օգոստոսի 2022
2 ր. ընթերցում
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը նոր ամերիկացի համանախագահ ունի

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է Կովկասեան բանակցութիւններուն մէջ ԱՄՆ ներկայացուցիչ եւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի համանախագահ: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաստատած է, որ պատրաստ է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն:

Նշուած է, որ համանախագահ Ռիքըր պիտի փոխգործակցի գործընկերներու հետ, ինչպիսիք են Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահի իր դերով պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան:

Նշենք, որ մինչ այս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահն էր Էնտրիւ Շոֆըրը։

Սահմանազատման հարցով երկրորդ հանդիպումը նախատեսուած է օգոստոսի վերջը՝ Մոսկուայի մէջ
Նախորդ նիւթը

Սահմանազատման հարցով երկրորդ հանդիպումը նախատեսուած է օգոստոսի վերջը՝ Մոսկուայի մէջ

Հայաստան ներառուած է աշնանային հանգիստի համար ամենաաժան երկիրներու ցանկին մէջ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան ներառուած է աշնանային հանգիստի համար ամենաաժան երկիրներու ցանկին մէջ

ԱնցնիլՎեր