Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը ստուեր կը նետէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ. Էրտողան

13 Նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կայացած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը: Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Էրտողանը քննադատած է ամերիկացի օրէնսդիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը՝ ըսելով, որ այն «ստուեր կը նետէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ»: «104 տարուան հնութիւն ունեցող իրադարձութիւններու մասին պէտք է դատեն պատմաբանները, ոչ թէ քաղաքական գործիչները: Մենք թաքցնելու ոչինչ ունինք: Ես կ’ուզեմ յստակ նշել, որ Թուրքիան երկխօսութեան եւ բաց քննարկման ու բանավէճի կողմնակից է: Մենք մեր առաջարկը յայտնած ենք նաեւ հայկական կողմին, որպէսզի երկկողմանիօրէն բանանք արխիւները, պատմաբաններէ կազմուած յանձնաժողով ստեղծենք: Յոյսով եմ՝ Սենաթը ԱՄՆ-ն կը հանէ այս արատաւոր շրջանէն, որ ստեղծուած է Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ ընդունուած բանաձեւի պատճառով»,-յայտարարած է Էրտողանը: Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերի վերջը ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ ընդունած էին: Ի դէպ, Էրտողանի
14 Նոյեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը ստուեր կը նետէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ. Էրտողան

13 Նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կայացած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը: Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Էրտողանը քննադատած է ամերիկացի օրէնսդիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը՝ ըսելով, որ այն «ստուեր կը նետէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ»:

«104 տարուան հնութիւն ունեցող իրադարձութիւններու մասին պէտք է դատեն պատմաբանները, ոչ թէ քաղաքական գործիչները: Մենք թաքցնելու ոչինչ ունինք: Ես կ’ուզեմ յստակ նշել, որ Թուրքիան երկխօսութեան եւ բաց քննարկման ու բանավէճի կողմնակից է: Մենք մեր առաջարկը յայտնած ենք նաեւ հայկական կողմին, որպէսզի երկկողմանիօրէն բանանք արխիւները, պատմաբաններէ կազմուած յանձնաժողով ստեղծենք: Յոյսով եմ՝ Սենաթը ԱՄՆ-ն կը հանէ այս արատաւոր շրջանէն, որ ստեղծուած է Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ ընդունուած բանաձեւի պատճառով»,-յայտարարած է Էրտողանը:

Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերի վերջը ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ ընդունած էին:

Ի դէպ, Էրտողանի այցի դէմ Ուաշինկթընի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպուած է:

Երկրաշարժ Շիրակի  մարզին  մէջ
Նախորդ նիւթը

Երկրաշարժ Շիրակի մարզին մէջ

Ամերիկացի գործիչը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Սենաթի առջեւ քննարկելէ
Յաջորդ նիւթը

Ամերիկացի գործիչը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Սենաթի առջեւ քննարկելէ

ԱնցնիլՎեր