Հայոց Ցեղասպանութեան վկայ մը եւս շիջեցաւ. Ոչ եւս է Մեծ եղեռնէն ճողոպրած Աստղիկ Ալէմեանը

ԱՄՆ Մասաչուսեց նահանգի մէջ 109 տարեկան հասակին մահացած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Աստղիկ Ալէմեանը: Աստղիկը 5 տարեկան եղած է, երբ կորսնցուցած է ծնողներն  եւ եղբայրները եւ ամբողջովին որբացած։ Ան մինչեւ 12 տարեկան ապրած է Սուրիոյ մանկատուներէն մէկուն մէջ, որմէ ետք անոր հօրեղբայր Կարապետը իրեն եւ քրոջը՝ Աննային, օգնած է տեղափոխուիլ ԱՄՆ: 1980-ականներէն սկսած՝ Ալէմեանը ամէն տարի մասնակցած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն, որ կը կայացուէր  նահանգի խորհրդարանէն ներս: 90 տարեկանին Աստղիկը ընտանիքին հետ միասին այցելած է Եգիպտոս եւ Սուրիա, ուր անցած է  իր մանկութիւնը:
14 Սեպտեմբերի 2019
1 ր. ընթերցում
Հայոց Ցեղասպանութեան վկայ մը եւս շիջեցաւ. Ոչ եւս է Մեծ եղեռնէն ճողոպրած Աստղիկ Ալէմեանը

ԱՄՆ Մասաչուսեց նահանգի մէջ 109 տարեկան հասակին մահացած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Աստղիկ Ալէմեանը:

Աստղիկը 5 տարեկան եղած է, երբ կորսնցուցած է ծնողներն  եւ եղբայրները եւ ամբողջովին որբացած։ Ան մինչեւ 12 տարեկան ապրած է Սուրիոյ մանկատուներէն մէկուն մէջ, որմէ ետք անոր հօրեղբայր Կարապետը իրեն եւ քրոջը՝ Աննային, օգնած է տեղափոխուիլ ԱՄՆ:

1980-ականներէն սկսած՝ Ալէմեանը ամէն տարի մասնակցած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն, որ կը կայացուէր  նահանգի խորհրդարանէն ներս: 90 տարեկանին Աստղիկը ընտանիքին հետ միասին այցելած է Եգիպտոս եւ Սուրիա, ուր անցած է  իր մանկութիւնը:

Սուրիոյ խնդրով կարեւոր ժողով Անգարայի մէջ 
Նախորդ նիւթը

Սուրիոյ խնդրով կարեւոր ժողով Անգարայի մէջ 

Փաշինեան շնորհաւորեց Ռուսաստանի վարչապետ Մետվետեւի ծննդեան տարեդարձը
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեան շնորհաւորեց Ռուսաստանի վարչապետ Մետվետեւի ծննդեան տարեդարձը

ԱնցնիլՎեր