Փաշինեան շնորհաւորեց Ռուսաստանի վարչապետ Մետվետեւի ծննդեան տարեդարձը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին՝ ծննդեան օրուայ առթիւ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառաիւթենէն: Ուղերձին մէջ ըսուած է. «Մեծարգոյ Տմիթրի Անատոլիի, Թոյլ տուէք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ անձամբ իմ անունէն շնորհաւորել ձեզ ծննդեան օրուայ առթիւ: Պետական բարձրագոյն պաշտօններուն ձեր բազմամեայ գործունէութիւնը մեծ յարգանք կը վայելէ ողջ աշխարհով եւ մասնաւորապէս, Հայաստանի մէջ: Ձեր հարուստ փորձը՝ որպէս ղեկավար եւ քաղաքական գործիչ, մեծապէս պահանջուած է ոչ միայն մեր երկիրներու միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, այլեւ ողջ եւրասիական տարածքով մէկ: Մեծ յարգանքով կը վերահաստատեմ բարեկամական երկխօսութիւնը եւ համատեղ աշխատանքը շարունակելու եւ ամրապնդելու
14 Սեպտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Փաշինեան շնորհաւորեց Ռուսաստանի վարչապետ Մետվետեւի ծննդեան տարեդարձը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին՝ ծննդեան օրուայ առթիւ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառաիւթենէն:

Ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Մեծարգոյ Տմիթրի Անատոլիի,

Թոյլ տուէք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ անձամբ իմ անունէն շնորհաւորել ձեզ ծննդեան օրուայ առթիւ:

Պետական բարձրագոյն պաշտօններուն ձեր բազմամեայ գործունէութիւնը մեծ յարգանք կը վայելէ ողջ աշխարհով եւ մասնաւորապէս, Հայաստանի մէջ: Ձեր հարուստ փորձը՝ որպէս ղեկավար եւ քաղաքական գործիչ, մեծապէս պահանջուած է ոչ միայն մեր երկիրներու միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, այլեւ ողջ եւրասիական տարածքով մէկ:

Մեծ յարգանքով կը վերահաստատեմ բարեկամական երկխօսութիւնը եւ համատեղ աշխատանքը շարունակելու եւ ամրապնդելու մեր պատրաստակամութիւնը՝ ի բարօրութիւն Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն:

Յարգելի Տմիթրի Անատոլիի,

սրտանց կը մաղթեմ ձեզ քաջառողջութիւն, անձնական երջանկութիւն եւ բարեկեցութիւն»:

 

 

Հայոց Ցեղասպանութեան վկայ մը եւս շիջեցաւ. Ոչ եւս է Մեծ եղեռնէն ճողոպրած Աստղիկ Ալէմեանը
Նախորդ նիւթը

Հայոց Ցեղասպանութեան վկայ մը եւս շիջեցաւ. Ոչ եւս է Մեծ եղեռնէն ճողոպրած Աստղիկ Ալէմեանը

Առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խախտումները նկարելու եւ ոստիկանութեան փոխանցելու նախագիծը
Յաջորդ նիւթը

Առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խախտումները նկարելու եւ ոստիկանութեան փոխանցելու նախագիծը

ԱնցնիլՎեր