Առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խախտումները նկարելու եւ ոստիկանութեան փոխանցելու նախագիծը

ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունած է երթեւեկութեան կանոններու խախտումները նկարահանելու եւ յաւելուածի միջոցով ոստիկանութեան փոխանցելու օրէնքի նախագիծը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` խորհրդարանէն ներս բուռն քննարկումներու արժանացած նախագիծը հեղինակած են «Իմ քայլը» խմբակցութեան» պատգամաւորներ Արմէն Փամբուխչեանն ու Սիսակ Գաբրիէլեանը: «Ակնյայտ է, որ յեղափոխութենէն ետք քաղաքացիները այսօր, աւելի քան երբեւէ, պատրաստակամ են համագործակցելու իրաւապահ մարմիններու հետ: Շատ քաղաքացիներ ընկերային ցանցերու վրայ կը  տեղադրեն տարբեր իրաւախախտումներու տեսանիւթեր, լուսանկարներ, որոնց հիման վրայ մեծամասամբ վարչական վարոյթ կը յարուցուի: Այս նախագիծի նպատակն է այդ ողջ գործընթացը աւելի կարգաւորել: Կարճ ըսած, քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն կը տրուի տեսանկարահանել ճանապարհային երթեւեկութեան խախտումները եւ առցանց (օնլայն) ռեժիմով փոխանցել ոստիկանութեան: Տեսանիւթը  արձանագրած քաղաքացիի տուեալները գաղտնի պիտի ըլլան»,-ըսած է  Գաբրիէլեանն ու աւելցուցած՝ տեսանիւթը ուղարկելէ ետք քաղաքացին այդ գործընթացին այլեւս դերակատարում պիտի չունենայ: Ան նշեց՝ օնլայն
16 Սեպտեմբերի 2019
5 ր. ընթերցում
Առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խախտումները նկարելու եւ ոստիկանութեան փոխանցելու նախագիծը

ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունած է երթեւեկութեան կանոններու խախտումները նկարահանելու եւ յաւելուածի միջոցով ոստիկանութեան փոխանցելու օրէնքի նախագիծը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` խորհրդարանէն ներս բուռն քննարկումներու արժանացած նախագիծը հեղինակած են «Իմ քայլը» խմբակցութեան» պատգամաւորներ Արմէն Փամբուխչեանն ու Սիսակ Գաբրիէլեանը:

«Ակնյայտ է, որ յեղափոխութենէն ետք քաղաքացիները այսօր, աւելի քան երբեւէ, պատրաստակամ են համագործակցելու իրաւապահ մարմիններու հետ: Շատ քաղաքացիներ ընկերային ցանցերու վրայ կը  տեղադրեն տարբեր իրաւախախտումներու տեսանիւթեր, լուսանկարներ, որոնց հիման վրայ մեծամասամբ վարչական վարոյթ կը յարուցուի: Այս նախագիծի նպատակն է այդ ողջ գործընթացը աւելի կարգաւորել: Կարճ ըսած, քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն կը տրուի տեսանկարահանել ճանապարհային երթեւեկութեան խախտումները եւ առցանց (օնլայն) ռեժիմով փոխանցել ոստիկանութեան: Տեսանիւթը  արձանագրած քաղաքացիի տուեալները գաղտնի պիտի ըլլան»,-ըսած է  Գաբրիէլեանն ու աւելցուցած՝ տեսանիւթը ուղարկելէ ետք քաղաքացին այդ գործընթացին այլեւս դերակատարում պիտի չունենայ:

Ան նշեց՝ օնլայն ռեժիմը սահմանած են, որպէսզի ոստիկանութեան աշխատակիցը շատ յստակ իմանայ, որ այդ կատարուած է յստակ այսինչ օրն ու տեղը ՝GPS համակարգի միջոցով: Պիտի ստեղծուի յատուկ ելեկտրոնային յաւելուած: Այս ծրագրի համար նախատեսուած է 30-50 միլիոն դրամ՝ կախուած իր բազմագործառութենէն: Գաբրիէեանը նշած է, որ յաւելուածը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ վթարներու պարագային մեքենայի տեղը GPS համակարգի միջոցով շուտ հասկնալու համար: 

Փաշինեան շնորհաւորեց Ռուսաստանի վարչապետ Մետվետեւի ծննդեան տարեդարձը
Նախորդ նիւթը

Փաշինեան շնորհաւորեց Ռուսաստանի վարչապետ Մետվետեւի ծննդեան տարեդարձը

Արթուր Մանուկեան երդում կատարեց եւ ստանձնեց պատգամաւորի պարտականութիւնները
Յաջորդ նիւթը

Արթուր Մանուկեան երդում կատարեց եւ ստանձնեց պատգամաւորի պարտականութիւնները

ԱնցնիլՎեր