Արթուր Մանուկեան երդում կատարեց եւ ստանձնեց պատգամաւորի պարտականութիւնները

«Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակի թեկնածու Արթուր Մանուկեանը երդման արարողութեամբ ստանձնած է պատգամաւորի պարտականութիւնները: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Մանուկեանը պատգամաւորի պարտականութիւնները ստանձնած է Ազգային ժողովի 16 սեպտեմբերի նիստին: «Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ներկայացուցած է ԱԺ-ի պատգամաւոր ընտրուած եւ լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրեցուցած պատգամաւորի մանտաթը յաջորդ թեկնածուին տրամադրելու մասին արձանագրութիւնը, ըստ որու՝ մանտաթը կը տրուի «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակի յաջորդ թեկնածու Արթուր Մանուկեանին»,-ներկայացուցած է ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը: Արթուր Մանուկեանը համաձայն ԱԺ կանոնակարգ սահմանադրական օրէնքի՝ երդման արարողութեամբ ստանձնած է պատգամաւորի պարտականութիւնները: Աւելի վաղ պատգամաւորական մանտաթը վար դրած էր «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Էտկար Առաքէլեանը:
16 Սեպտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Արթուր Մանուկեան երդում կատարեց եւ ստանձնեց պատգամաւորի պարտականութիւնները

«Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակի թեկնածու Արթուր Մանուկեանը երդման արարողութեամբ ստանձնած է պատգամաւորի պարտականութիւնները: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Մանուկեանը պատգամաւորի պարտականութիւնները ստանձնած է Ազգային ժողովի 16 սեպտեմբերի նիստին:

«Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ներկայացուցած է ԱԺ-ի պատգամաւոր ընտրուած եւ լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրեցուցած պատգամաւորի մանտաթը յաջորդ թեկնածուին տրամադրելու մասին արձանագրութիւնը, ըստ որու՝ մանտաթը կը տրուի «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակի յաջորդ թեկնածու Արթուր Մանուկեանին»,-ներկայացուցած է ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:

Արթուր Մանուկեանը համաձայն ԱԺ կանոնակարգ սահմանադրական օրէնքի՝ երդման արարողութեամբ ստանձնած է պատգամաւորի պարտականութիւնները:

Աւելի վաղ պատգամաւորական մանտաթը վար դրած էր «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Էտկար Առաքէլեանը:

Առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խախտումները նկարելու եւ ոստիկանութեան փոխանցելու նախագիծը
Նախորդ նիւթը

Առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խախտումները նկարելու եւ ոստիկանութեան փոխանցելու նախագիծը

  ՀՀ  ԱԱԾ Պետ  Արթուր Վանեցեան  հրաժարական տուաւ
Յաջորդ նիւթը

  ՀՀ  ԱԱԾ Պետ  Արթուր Վանեցեան  հրաժարական տուաւ

ԱնցնիլՎեր