ՀՀ  ԱԱԾ Պետ  Արթուր Վանեցեան  հրաժարական տուաւ

ՀՀ Ազգային  Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ)   պետ Արթուր Վանեցեան  այսօր հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։    Վանէցեան   այս  մասին   դիմատետրի իր էջով  գրառում մը կատարեց   մասնաւորապէս գրելով ՝     «Սիրելի′ հայրենակիցներ,   ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատուարժա′ն զինծառայողներ,   Կը յայտնեմ ձեզի, որ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն հրաժարականի դիմում ներկայացնելու որոշում կայացուցած եմ: Նման որոշումը ստեղծուած իրավիճակին եւ գալիքի պարունակին մէջ կը համարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ իմ ժողովուրդին ծառայելու ամենանախընտրելի եւ ամենահիմնաւորուած տարբերակը:   Այս որոշումը ես կայացուցած եմ նոյնքան վստահ, որքան այն մէկը, երբ մեր երկրի համար բախտորոշ փուլին համաձայնեցայ ստանձնելու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը: Մէկուկէս տարուան իմ
16 Սեպտեմբերի 2019
6 ր. ընթերցում
  ՀՀ  ԱԱԾ Պետ  Արթուր Վանեցեան  հրաժարական տուաւ

ՀՀ Ազգային  Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ)   պետ Արթուր Վանեցեան  այսօր հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։

 

 Վանէցեան   այս  մասին   դիմատետրի իր էջով  գրառում մը կատարեց   մասնաւորապէս գրելով ՝

 

 

«Սիրելի′ հայրենակիցներ,

 

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատուարժա′ն զինծառայողներ,

 

Կը յայտնեմ ձեզի, որ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն հրաժարականի դիմում ներկայացնելու որոշում կայացուցած եմ: Նման որոշումը ստեղծուած իրավիճակին եւ գալիքի պարունակին մէջ կը համարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ իմ ժողովուրդին ծառայելու ամենանախընտրելի եւ ամենահիմնաւորուած տարբերակը:

 

Այս որոշումը ես կայացուցած եմ նոյնքան վստահ, որքան այն մէկը, երբ մեր երկրի համար բախտորոշ փուլին համաձայնեցայ ստանձնելու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը: Մէկուկէս տարուան իմ գործունէութիւնը միշտ բոլորիդ աչքի առջեւ եղած է, եւ ամէն քայլ ըրած եմ մէկ սկզբունքով` Հայրենիքն ու սպայի պատիւը վեր են ամէն ինչէն:

 

Պետականաշինութիւնը իր տրամաբանութիւնը ունի․ որոշումներու տարերայնութիւնը, գործողութիւններու հախուռնութիւնը, առաջնայինը երկրորդականէն, իսկ անցողիկը մնայունէն չտարբերելու գործելաոճը այն ճանապարհը չէ, որ կը տանի դէպի նպատակներու իրականացում: Այն ընդհանուր ոչինչ ունի սպայի արժանապատւութեան հետ. սպայի ուսադիրն ու զարգացումներու նման ընթացքը անհամատեղելի են: Իմ հրաժարականը թող ըլլայ «Կանգ ա′ռ»-ի սթափեցնող քայլ, մնացած բոլոր տարբերակներուն պիտի յաղթէ հայրենիքի հանդէպ պարտքը:

 

Խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն մեր երկրին:

 

Պատիւ ունիմ»։

Վանեցեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը կը զբաղեցնէր 10 մայիս 2018-էն  սկսեալ :

 

 

 Յիշեցնենք, որ  աւելի վաղ     ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ   կու տար   բազմաբովանդակ  թեմաներով մամլոյ ասուլիս մը  անդրադարձած էր     Վանեցեանի հրաժարման թեմային    նշելով, որ ինք ստորագրած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի աշխատանքէն ազատելու միջնորդագիրը:

 

Արթուր Մանուկեան երդում կատարեց եւ ստանձնեց պատգամաւորի պարտականութիւնները
Նախորդ նիւթը

Արթուր Մանուկեան երդում կատարեց եւ ստանձնեց պատգամաւորի պարտականութիւնները

ՌԱԿ-ի երախտաւորները. Տոքթ. Գէորգ Պ. Քեշիշեան
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի երախտաւորները. Տոքթ. Գէորգ Պ. Քեշիշեան

ԱնցնիլՎեր