Հայ վիրաբոյժը Լիոնի մէջ 2 ձեռքի եւ ուսի՝ աշխարհի մէջ առաջին փոխպատուաստումը ըրած է

The Guardian-ը կը յայտնէ, որ  Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ վիրաբոյժ Արամ Ղազարեան բացառիկ վիրահատութիւն կատարած է՝ ուսի հատուածէն երկու ձեռքերու փոխպատուաստում կատարելով իսլանտացի 48-ամեայ Ֆելիքս Գրեթըրսընին:  Սա կը համարուի աշխարհի մէջ առաջին նման փոխպատուաստումը:    Տղամարդը ձեռքերը կորսնցուցած է 23  տարի առաջ՝ աշխատանքի ընթացքին պատահարի հետեւանքով: Բժշկական խումբը յաջող կը համարէ վիրահատութիւնը, որովհետեւ տղամարդը կը վերականգնուի, կը մնայ, ինչպէս Արամ Ղազարեանն ըսած է ասուլիսի ընթացքին, ան կարողանայ ծալել արմունկը: Նշուած է, որ տարիներ պահանջուած են յարմար տոնըր գտնելու համար, մօտ 50 բժշկական անձնակազմ ներգրաւուած է վիրահատութեան նախապատրաստման գործընթացին: Արամ Ղազարեանը վաստակաշատ բժիշկ է՝  մասնագիտացած վերին վերջոյթներու վիրաբուժութեան ասպարէզին մէջ, ան Ֆրանսայի ձեռքի
25 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայ վիրաբոյժը Լիոնի մէջ 2 ձեռքի եւ ուսի՝ աշխարհի մէջ առաջին փոխպատուաստումը ըրած է

The Guardian-ը կը յայտնէ, որ  Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ վիրաբոյժ Արամ Ղազարեան բացառիկ վիրահատութիւն կատարած է՝ ուսի հատուածէն երկու ձեռքերու փոխպատուաստում կատարելով իսլանտացի 48-ամեայ Ֆելիքս Գրեթըրսընին:  Սա կը համարուի աշխարհի մէջ առաջին նման փոխպատուաստումը:   

Տղամարդը ձեռքերը կորսնցուցած է 23  տարի առաջ՝ աշխատանքի ընթացքին պատահարի հետեւանքով: Բժշկական խումբը յաջող կը համարէ վիրահատութիւնը, որովհետեւ տղամարդը կը վերականգնուի, կը մնայ, ինչպէս Արամ Ղազարեանն ըսած է ասուլիսի ընթացքին, ան կարողանայ ծալել արմունկը: Նշուած է, որ տարիներ պահանջուած են յարմար տոնըր գտնելու համար, մօտ 50 բժշկական անձնակազմ ներգրաւուած է վիրահատութեան նախապատրաստման գործընթացին:

Արամ Ղազարեանը վաստակաշատ բժիշկ է՝  մասնագիտացած վերին վերջոյթներու վիրաբուժութեան ասպարէզին մէջ, ան Ֆրանսայի ձեռքի փոխպատուաստման վիրաբուժական խումբի ղեկավարն է, ծրագրած է վիրահատութիւններ իրականացնել նաեւ Հայաստանի մէջ: 

Վահան Թէքէեանի կեանքին վերջին տարիները
Նախորդ նիւթը

Վահան Թէքէեանի կեանքին վերջին տարիները

Պրոտուէյի վերջին հայ աստղ՝ Պոպ Աւեան հեռացած է կեանքէն
Յաջորդ նիւթը

Պրոտուէյի վերջին հայ աստղ՝ Պոպ Աւեան հեռացած է կեանքէն

ԱնցնիլՎեր