Պրոտուէյի վերջին հայ աստղ՝ Պոպ Աւեան հեռացած է կեանքէն

Ամերիկահայ պարուսոյց, թատերական արտադրող ու բեմադրիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ յայտնի է Պոպ Աւեան անուն-ազգանունով, հեռացած է կեանքէն: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը հաղորդէ, որ կեանքէն հեռացած է Պրոտուէյի վերջին 60 տարիներու ամենամեծ շոուերու մասնակիցը, «Թոնի» եւ այլ հեղինակաւոր մրցանակներու դափնեկիրը, որ կերտեց ամբողջական դարաշրջան մը, ինքն ալ պարելով իր շարք մը բեմադրութիւններուն մէջ: Պոպ Աւեանը բեմադրութիւններ կատարած է նաեւ Լոնտոնի մէջ, անոր մասին գրուած է «Պարող մարդը» գիրքը: Հայ պարուսոյցը մահացած է 83 տարեկանին, սրտի կանգէն: Անոր մահուան լուրը հաղորդած են նաեւ «Տը Կարտիան»,  «Հոլիուտ ռիփորթըր» եւ այլ նշանաւոր թերթեր: Պոպ Աւեանը վերջին հայ աստղն էր, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Նիւ Եորքի Պրոտուէյ շրջանի նշանաւոր թատերական աշխարհի յաջողութիւններուն
25 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Պրոտուէյի վերջին հայ աստղ՝ Պոպ Աւեան հեռացած է կեանքէն

Ամերիկահայ պարուսոյց, թատերական արտադրող ու բեմադրիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ յայտնի է Պոպ Աւեան անուն-ազգանունով, հեռացած է կեանքէն:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը հաղորդէ, որ կեանքէն հեռացած է Պրոտուէյի վերջին 60 տարիներու ամենամեծ շոուերու մասնակիցը, «Թոնի» եւ այլ հեղինակաւոր մրցանակներու դափնեկիրը, որ կերտեց ամբողջական դարաշրջան մը, ինքն ալ պարելով իր շարք մը բեմադրութիւններուն մէջ:

Պոպ Աւեանը բեմադրութիւններ կատարած է նաեւ Լոնտոնի մէջ, անոր մասին գրուած է «Պարող մարդը» գիրքը:

Հայ պարուսոյցը մահացած է 83 տարեկանին, սրտի կանգէն: Անոր մահուան լուրը հաղորդած են նաեւ «Տը Կարտիան»,  «Հոլիուտ ռիփորթըր» եւ այլ նշանաւոր թերթեր: Պոպ Աւեանը վերջին հայ աստղն էր, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Նիւ Եորքի Պրոտուէյ շրջանի նշանաւոր թատերական աշխարհի յաջողութիւններուն մէջ: 

 

 

Հայ վիրաբոյժը Լիոնի մէջ 2 ձեռքի եւ ուսի՝ աշխարհի մէջ առաջին փոխպատուաստումը ըրած է
Նախորդ նիւթը

Հայ վիրաբոյժը Լիոնի մէջ 2 ձեռքի եւ ուսի՝ աշխարհի մէջ առաջին փոխպատուաստումը ըրած է

«Որեւէ կենդանի հայ պէտք չէ մնայ Ղարաբաղի մէջ». ՄԻՊ-ը հայատեացութեան փաստեր ներկայացուցած է
Յաջորդ նիւթը

«Որեւէ կենդանի հայ պէտք չէ մնայ Ղարաբաղի մէջ». ՄԻՊ-ը հայատեացութեան փաստեր ներկայացուցած է

ԱնցնիլՎեր