ՀՀ Ազգային Ժողովը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց Մարտ 1-ի զոհերուն յիշատակը

ՀՀ ազգային ժողովը մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեց 1 մարտի զոհերուն յիշատակը: Ազգային ժողովի նիստի մեկնարկին ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան առաջարկեց 1 րոպէ լռութեամբ յարգել զոհուածներու յիշատակը: Հայաստանի մէջ 2008 թուականի 19 փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ երկրին մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր սկսած էին: Բողոքի ցոյցերը կը ղեկավարէր ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան. ան եւ անոր կողմնակիցները համաձայն չէին ընտրութիւններու արդիւնքներուն, որոնց համաձայն՝ նախագահ ընտրուած էր Սերժ Սարգսեան: 2008 թուականի 1 մարտին զանգուածային անկարգութիւններ ու բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ, որուն հետեւանքով զոհուեցան 10 մարդ, որմէ 2-ը ոստիկանութեան աշխատակիցներ էին: 
1 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
ՀՀ Ազգային Ժողովը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց Մարտ 1-ի զոհերուն յիշատակը

ՀՀ ազգային ժողովը մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեց 1 մարտի զոհերուն յիշատակը:

Ազգային ժողովի նիստի մեկնարկին ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան առաջարկեց 1 րոպէ լռութեամբ յարգել զոհուածներու յիշատակը:

Հայաստանի մէջ 2008 թուականի 19 փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ երկրին մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր սկսած էին: Բողոքի ցոյցերը կը ղեկավարէր ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան. ան եւ անոր կողմնակիցները համաձայն չէին ընտրութիւններու արդիւնքներուն, որոնց համաձայն՝ նախագահ ընտրուած էր Սերժ Սարգսեան: 2008 թուականի 1 մարտին զանգուածային անկարգութիւններ ու բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ, որուն հետեւանքով զոհուեցան 10 մարդ, որմէ 2-ը ոստիկանութեան աշխատակիցներ էին: 

«ՄԱԿ առաքելութեան տեղակայումը Լաչինի միջանցքին, ԼՂ-ի մէջ նուազագոյնն է, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ ընել». Միրզոյեան
Նախորդ նիւթը

«ՄԱԿ առաքելութեան տեղակայումը Լաչինի միջանցքին, ԼՂ-ի մէջ նուազագոյնն է, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ ընել». Միրզոյեան

Յունաստանի մէջ բախած են մարդատար ու բեռնատար գնացքները. կան տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ
Յաջորդ նիւթը

Յունաստանի մէջ բախած են մարդատար ու բեռնատար գնացքները. կան տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ

ԱնցնիլՎեր