ՀՀ ԶՈՒ յաւելեալ ստորաբաժանումներ տեղակայուած են՝ զրկելով ատրպէյճանցիները որեւէ գործողութիւն իրականացնելու տարբերակէ. ՊՆ

12 եւ 13 Մայիսին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կողմէ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմանային որոշ հատուածներուն մէջ իրականացուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 19 մայիսի առաւօտեան դրութեամբ, էական փոփոխութիւններ չէ կրած։ ՊՆ-էն յայտնած են, որ սադրանքի իրականացման բոլոր ուղղութիւններով թէ՛ տարածքները, թէ՛ ատրպէյճանցի զինուորականները, եւ թէ՛ անոնց ապահովման հնարաւոր ուղիները կը շարունակեն գտնուիլ հայկական ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ։ Աւելին՝ նախորդ երկու օրերուն ՀՀ ԶՈՒ յաւելեալ ստորաբաժանումներ տեղակայուած են տարածքին մէջ, իսպառ զրկելով ատրպէյճանցիները նոյնիսկ տեսականօրէն որեւէ գործողութիւն իրականացնելու հնարաւորութենէն, որպէս իրադրութեան՝ իրենց համար խելամիտ լուծում թողելով բացառապէս վերադարձը ելման դիրքեր։ Այդուհանդերձ, խնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները դեռ ընթացքի մէջ են։ ՀՀ պաշտպանութեան
19 Մայիսի 2021
4 ր. ընթերցում
ՀՀ ԶՈՒ յաւելեալ ստորաբաժանումներ տեղակայուած են՝ զրկելով ատրպէյճանցիները որեւէ գործողութիւն իրականացնելու տարբերակէ. ՊՆ

12 եւ 13 Մայիսին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կողմէ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմանային որոշ հատուածներուն մէջ իրականացուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 19 մայիսի առաւօտեան դրութեամբ, էական փոփոխութիւններ չէ կրած։

ՊՆ-էն յայտնած են, որ սադրանքի իրականացման բոլոր ուղղութիւններով թէ՛ տարածքները, թէ՛ ատրպէյճանցի զինուորականները, եւ թէ՛ անոնց ապահովման հնարաւոր ուղիները կը շարունակեն գտնուիլ հայկական ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ։ Աւելին՝ նախորդ երկու օրերուն ՀՀ ԶՈՒ յաւելեալ ստորաբաժանումներ տեղակայուած են տարածքին մէջ, իսպառ զրկելով ատրպէյճանցիները նոյնիսկ տեսականօրէն որեւէ գործողութիւն իրականացնելու հնարաւորութենէն, որպէս իրադրութեան՝ իրենց համար խելամիտ լուծում թողելով բացառապէս վերադարձը ելման դիրքեր։

Այդուհանդերձ, խնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները դեռ ընթացքի մէջ են։ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը լիայոյս է, որ անոնք կու տան ցանկալի արդիւնք, եւ ստեղծուած իրադրութիւնը պիտի հանգուցալուծուի խաղաղ ճանապարհով։ Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս արդէն յայտարարուած է, ողջամիտ ժամկէտներու մէջ լուծման բացակայութեան պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը իրաւունք կը վերապահէ խնդիրը կարգաւորել այլ, այդ շարքին նաեւ ուժային տարբերակով։

ՀՀ մուտք գործելու ընթացակարգի մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ․ ՀՀ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

ՀՀ մուտք գործելու ընթացակարգի մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ․ ՀՀ ԱԳՆ

Սահմանազատման աշխատանք սկսելէ առաջ ատրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի տարածքէն. ՀՀ պատասխանը ՌԴ առաջարկին
Յաջորդ նիւթը

Սահմանազատման աշխատանք սկսելէ առաջ ատրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի տարածքէն. ՀՀ պատասխանը ՌԴ առաջարկին

ԱնցնիլՎեր