ՀՀ մուտք գործելու ընթացակարգի մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ․ ՀՀ ԱԳՆ

ՀՀ կառավարութեան 11 սեպտեմբեր 2020-ի № 1514-Ն որոշման մէջ կատարուած եւ 17 մայիս 2021-էն ուժի մէջ մտած փոփոխութիւններու համաձայն.   Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործելու ժամանակ պէտք է ներկայացուի. «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) ախտորոշման ՊՇՌ հետազօտութեան բացասական արդիւնքը հաւաստող առաւելագոյնը 72 ժամ վաղեմութեան վկայագիր*, կամ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ ամբողջական պատուաստուած՝ երկու դեղաչափ, երկրորդ դեղաչափը երկիր մուտք գործելու օրէն նուազագոյնը 14 օր առաջ ներարկուած ըլլալը հաւաստող վկայագիր* Բացասական քննութեան կամ պատուաստման վկայագիր չի պահանջուիր մինչև 1 տարեկան երեխաներու համար։ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքէն Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած անձանց կողմէ վկայագիրը (տեղեկանքը) կը ներկայացուի «Путешествую без COVID-19» բջիջային յաւելուածի միջոցով: Օտարերկրացիներու համար ՀՀ մուտքը կը շարունակէ բաց մնալ ինչպէս
19 Մայիսի 2021
5 ր. ընթերցում
ՀՀ մուտք գործելու ընթացակարգի մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ․ ՀՀ ԱԳՆ

ՀՀ կառավարութեան 11 սեպտեմբեր 2020-ի № 1514-Ն որոշման մէջ կատարուած եւ 17 մայիս 2021-էն ուժի մէջ մտած փոփոխութիւններու համաձայն.

 

  • Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործելու ժամանակ պէտք է ներկայացուի.
  1. «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) ախտորոշման ՊՇՌ հետազօտութեան բացասական արդիւնքը հաւաստող առաւելագոյնը 72 ժամ վաղեմութեան վկայագիր*, կամ
  2. «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ ամբողջական պատուաստուած՝ երկու դեղաչափ, երկրորդ դեղաչափը երկիր մուտք գործելու օրէն նուազագոյնը 14 օր առաջ ներարկուած ըլլալը հաւաստող վկայագիր*
  • Բացասական քննութեան կամ պատուաստման վկայագիր չի պահանջուիր մինչև 1 տարեկան երեխաներու համար։
  • Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքէն Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած անձանց կողմէ վկայագիրը (տեղեկանքը) կը ներկայացուի «Путешествую без COVID-19» բջիջային յաւելուածի միջոցով:
  • Օտարերկրացիներու համար ՀՀ մուտքը կը շարունակէ բաց մնալ ինչպէս օդային, այնպէս ալ ցամաքային ճանապարհով։
  • «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ (COVID-19) պայմանաւորուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին քարանթինը սահմանուած է մինչեւ 11 յուլիս 2021-ը։

ԱՐՄԵԴ համակարգի մէջ գրանցուած անձանց պարագային պատուաստման վկայագիրը կրնայ ներկայացուիլ ArmedeHealth բջիջային յաւելուածով։ Անձը կրնայ բջիջային յաւելուածով կամ բջիջային յաւելուածէն արտահանուած թղթային տարբերակով ներկայացնել պատուաստման վերաբերեալ տեղեկանք՝ պաշտպանուած QR քոտով:

Վկայագիր չունեցող անձինք ենթակայ են նմուշառման օդակայանին կամ ցամաքային սահմանի անցման կէտերուն մէջ եւ պարտադիր ինքնամեկուսացման՝ մինչեւ ՊՇՌ հետազօտութեան բացասական արդիւնքի ստացումը:

Զննութեան արդիւնքի համաձայն՝ անձը կը տեղափոխուի հիւանդանոց, եթէ առկայ են համապատասխան ախտանշաններ:

ՊՇՌ հետազօտութեան ծախսերը կը հոգայ քաղաքացին։

Սաստկացող բախումներ, հրթիռակոծութեան հետեւանքով զոհերու թիւի աճ. իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան հետեւանքները՝ լուսանկարներով
Նախորդ նիւթը

Սաստկացող բախումներ, հրթիռակոծութեան հետեւանքով զոհերու թիւի աճ. իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան հետեւանքները՝ լուսանկարներով

ՀՀ ԶՈՒ յաւելեալ ստորաբաժանումներ տեղակայուած են՝ զրկելով ատրպէյճանցիները որեւէ գործողութիւն իրականացնելու տարբերակէ. ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ ԶՈՒ յաւելեալ ստորաբաժանումներ տեղակայուած են՝ զրկելով ատրպէյճանցիները որեւէ գործողութիւն իրականացնելու տարբերակէ. ՊՆ

ԱնցնիլՎեր