Սաստկացող բախումներ, հրթիռակոծութեան հետեւանքով զոհերու թիւի աճ. իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան հետեւանքները՝ լուսանկարներով

Բախումները Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ կը շարունակուին՝ անկախ հրադադարի մասին հնչող կոչերէն: Մարտական գործողութիւններու սաստկացման զուգահեռ կ’աճի զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը: Անցեալ շաբաթ սկսած բախումներու հետեւանքով պաղեստինեան կողմին մօտ զոհերու թիւը հասած է 212-ի, որոնցմէ 61-ը՝ երեխայ եւ 34-ը՝ կին, վիրաւորուած է մօտ 1500 պաղեստինցի, իսկ իսրայէլեան կողմին մօտ զոհերու թիւը 10-ն է, այդ շարքին՝ 2 երեխայ։ Այս մասին գրելով՝ BBC News-ը լուսանկարներու շարք հրապարակած է՝ ներկայացնելով վերջին օրերու ընթացքին օդային հարուածներու հետեւանքներն ու աւերածութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդոց տառապանքը՝ հարազատներու կորուստներն ու պատերազմական իրավիճակը: Լուսանկարներուն մէջ պատկերուած են Կազայի մէջ ապրող պաղեստինցիները անցեալ օրերուն, յատկապէս՝ հանգստեան օրերուն տեղի ունեցած հրթիռակոծութենէն ետք:
19 Մայիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Սաստկացող բախումներ, հրթիռակոծութեան հետեւանքով զոհերու թիւի աճ. իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան հետեւանքները՝ լուսանկարներով

Բախումները Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ կը շարունակուին՝ անկախ հրադադարի մասին հնչող կոչերէն: Մարտական գործողութիւններու սաստկացման զուգահեռ կ’աճի զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը:

Անցեալ շաբաթ սկսած բախումներու հետեւանքով պաղեստինեան կողմին մօտ զոհերու թիւը հասած է 212-ի, որոնցմէ 61-ը՝ երեխայ եւ 34-ը՝ կին, վիրաւորուած է մօտ 1500 պաղեստինցի, իսկ իսրայէլեան կողմին մօտ զոհերու թիւը 10-ն է, այդ շարքին՝ 2 երեխայ։

Այս մասին գրելով՝ BBC News-ը լուսանկարներու շարք հրապարակած է՝ ներկայացնելով վերջին օրերու ընթացքին օդային հարուածներու հետեւանքներն ու աւերածութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդոց տառապանքը՝ հարազատներու կորուստներն ու պատերազմական իրավիճակը:

Լուսանկարներուն մէջ պատկերուած են Կազայի մէջ ապրող պաղեստինցիները անցեալ օրերուն, յատկապէս՝ հանգստեան օրերուն տեղի ունեցած հրթիռակոծութենէն ետք:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ օդային հարուածներ հասցնել Կազայի մէջ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման հրամանատարներու տուներու եւ այլ կառոյցներու ուղղութեամբ, որոնք, իսրայէլեան կողմի կարծիքով, կ’օգտագործուին ռազմական նպատակներով:

Եթէ ատրպէյճանեան ուժերը չհեռանան հայկական ուժերը կրնան ուժային միջոցներու դիմել
Նախորդ նիւթը

Եթէ ատրպէյճանեան ուժերը չհեռանան հայկական ուժերը կրնան ուժային միջոցներու դիմել

ՀՀ մուտք գործելու ընթացակարգի մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ․ ՀՀ ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ մուտք գործելու ընթացակարգի մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ․ ՀՀ ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր