Հրայր Թովմասեանը այլեւս Սահմանադրական Դատարանի նախագահը չէ. Ազգային ժողովը որոշում կայացուց

Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընդունեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով ՍԴ դիմելու որոշումը: 132 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած են 101-ը, կողմ քուէարկած է 98, դէմ՝ 1 պատգամաւոր: Քուէարկութեան մասնակցած են միայն իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան եւ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի պատգամաւորները: «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի․ ինչպէս ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը ըսած էր, Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հիմնաւորումները թոյլ են: Ինչպէս «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Պետաիրաւական հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը, որոշումը ստանալէ եւ վարոյթ ընդունելէ  30 օրուայ ընթացքին Սահմանադրական դատարանը պէտք է որոշում կայացնէ, այդ ժամկէտը կրնայ եւս երկարացուիլ մինչեւ 50 օրով:
5 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հրայր Թովմասեանը այլեւս Սահմանադրական Դատարանի նախագահը չէ. Ազգային ժողովը որոշում կայացուց

Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընդունեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով ՍԴ դիմելու որոշումը: 132 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած են 101-ը, կողմ քուէարկած է 98, դէմ՝ 1 պատգամաւոր:

Քուէարկութեան մասնակցած են միայն իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան եւ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի պատգամաւորները: «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի․ ինչպէս ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը ըսած էր, Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հիմնաւորումները թոյլ են:

Ինչպէս «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Պետաիրաւական հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը, որոշումը ստանալէ եւ վարոյթ ընդունելէ  30 օրուայ ընթացքին Սահմանադրական դատարանը պէտք է որոշում կայացնէ, այդ ժամկէտը կրնայ եւս երկարացուիլ մինչեւ 50 օրով:

Մարդահամար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ
Նախորդ նիւթը

Մարդահամար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ

Պաքու «կատղած է»  Արցախի  դրօշի ծածանման դէպքին պատճառով եւ  բողոք   պիտի ներկայացնէ
Յաջորդ նիւթը

Պաքու «կատղած է»  Արցախի  դրօշի ծածանման դէպքին պատճառով եւ  բողոք   պիտի ներկայացնէ

ԱնցնիլՎեր