Պաքու «կատղած է»  Արցախի  դրօշի ծածանման դէպքին պատճառով եւ  բողոք   պիտի ներկայացնէ

ՈՒԵՖԱ-ն կը հետաքննէ միջադէպը, Ատրպէյճանը կը պահանջէ պատժել մեղաւորները, Լիւքսամպուրկը ներողութիւն կը խնդրէ՝ սա է թերեւս Եւրոպա լիկայի շրջանակներէն ներս Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլային հանդիպման ամենեւին ալ ոչ մարզական արդիւնքը: Տեղի «Տիւտելանժ»-ի եւ ատրպէյճանական «Ղարաբաղ»-ի խաղը անմիջապէս յայտնուած է լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին, երբ մարզադաշտի վրան երեւցած է անօդաչու թռչող սարք մը ՝ Ղարաբաղի դրօշով: «Ատրպէյճանցի ֆութպոլիսթները բորբոքուած են, վայրկեաններու ընթացքին զայրոյթի ալիքը հասած է հանդիսատեսներուն՝ ստիպելով մրցավարին ժամանակաւորապէս ընդհատել հանդիպումը», — գրած է տեղի պարբերականներէն մէկը՝ աւելցնելով. — «Թէեւ խաղը ընդհատուած էր, սակայն գնդակը կը շարունակէր թռչիլ այս ու այն կողմ, քանի որ ատրպէյճանցի կիսապաշտպան Կարա Կարաեւը ապարիւն փորձած էր
5 Հոկտեմբերի 2019
7 ր. ընթերցում
Պաքու «կատղած է»  Արցախի  դրօշի ծածանման դէպքին պատճառով եւ  բողոք   պիտի ներկայացնէ

ՈՒԵՖԱ-ն կը հետաքննէ միջադէպը, Ատրպէյճանը կը պահանջէ պատժել մեղաւորները, Լիւքսամպուրկը ներողութիւն կը խնդրէ՝ սա է թերեւս Եւրոպա լիկայի շրջանակներէն ներս Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլային հանդիպման ամենեւին ալ ոչ մարզական արդիւնքը:

Տեղի «Տիւտելանժ»-ի եւ ատրպէյճանական «Ղարաբաղ»-ի խաղը անմիջապէս յայտնուած է լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին, երբ մարզադաշտի վրան երեւցած է անօդաչու թռչող սարք մը ՝ Ղարաբաղի դրօշով: «Ատրպէյճանցի ֆութպոլիսթները բորբոքուած են, վայրկեաններու ընթացքին զայրոյթի ալիքը հասած է հանդիսատեսներուն՝ ստիպելով մրցավարին ժամանակաւորապէս ընդհատել հանդիպումը», — գրած է տեղի պարբերականներէն մէկը՝ աւելցնելով. — «Թէեւ խաղը ընդհատուած էր, սակայն գնդակը կը շարունակէր թռչիլ այս ու այն կողմ, քանի որ ատրպէյճանցի կիսապաշտպան Կարա Կարաեւը ապարիւն փորձած էր իջեցնել վիճայարոյց դրօշը»: Հարկադրուած ընդմիջումէն ետք, մօտ 15 վայրկեան անց խաղը վերսկսած է: Թէժացած կիրքերը հանդարտեցնելու համար մարզական մեկնաբանի փոխարէն բարձրախօսին մօտեցած է Լիւքսամպուրկի սփորթի նախարարն ու պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած հիւրերէն:

Ժամեր անց նաեւ «Տիւտելանժ»-ը ներողութիւն խնդրած է կատարուածի համար: «Մենք այս սադրանքի հետ որեւէ կապ չունինք եւ կը պարզենք հանգամանքները», — յայտարարած է ֆութպոլային ակումբը Թուիթըրի իր պաշտօնական էջին:

Միջադէպին արձագանգած է նաեւ ՈՒԵՖԱ-ն, կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ խաղը ընդհատուած էր անվտանգութեան նկատառումներով, եւ աւելցուցած․ — «Մենք կը սպասենք այս հարցով հետաքննութիւններու աւարտին՝ որոշելու՝ արդեօք պէտք է կարգապահական պատժամիջոցներ կիրառել խաղի պատասխանատուներուն նկատմամբ»:

Պաշտօնական այս քայլերը, սակայն, Պաքուն չեն գոհացուցած: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Լիւքսամպուրկի մէջ իր դեսպանին յանձնարարած է կապ հաստատել այդ երկրի իշխանութիւններուն հետ՝ «համոզուելու, որ սադրանքի մեղաւորները կը յայտնաբերուին եւ համապատասխան պատիժի կ’ենթարկուին»:

Ատրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերացիան ալ պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է ՈՒԵՖԱ-ին՝ կոչ ընելով մանրազնին հետաքննութիւն կատարել միջադէպի շուրջ:

Յօգուտ ատրպէյճանական ակումբի 4:1 հաշուով աւարտած խաղին արձագանգած են արեւմտեան գրեթէ բոլոր առաջատար լրատուամիջոցները՝ ներկայացնելով ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութիւնն ու դրդապատճառները:

Հրայր Թովմասեանը այլեւս Սահմանադրական Դատարանի նախագահը չէ. Ազգային ժողովը որոշում կայացուց
Նախորդ նիւթը

Հրայր Թովմասեանը այլեւս Սահմանադրական Դատարանի նախագահը չէ. Ազգային ժողովը որոշում կայացուց

«Ղարաբաղը Ատրպէյճան է». Ալիեւը արձագանգեց Փաշինեանի յայտարարութեան
Յաջորդ նիւթը

«Ղարաբաղը Ատրպէյճան է». Ալիեւը արձագանգեց Փաշինեանի յայտարարութեան

ԱնցնիլՎեր