Հրայր Թովմասեանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի

Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահ Հրայր Թովմասեանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, կը տեղեկացնէ «Դատալեքս» տեղեկատուական համակարգը: Հայցով ՍԴ նախագահը վարչապետէն կը պահանջէ ներողութիւն խնդրել վիրաւորանք հանդիսացող արտայայտութիւններու համար եւ հերքել զրպարտութիւն հանդիսացող տեղեկութիւնները: Այն մակագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Գայիանէ Խաչատրեանին: Դատական նիստի օրը դեռ նշանակուած չէ: Վարչապետ Փաշինեանը, յիշեցնենք, ըսած էր, որ Թովմասեանն իր ծառայութիւնները առաջարկած է, շողոքորթած իրեն, իսկ Թովմասեանը այն հերքած էր: Ապա Փաշինեանը որպէս փաստ Թովմասեանի՝ իրեն նուիրած գրիչը հրապարակած էր, Թովմասեանն ալ յորդորած էր իր փաստաբաններուն հայցադիմում պատրաստել վարչապետի դէմ:
25 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Հրայր Թովմասեանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի

Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահ Հրայր Թովմասեանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, կը տեղեկացնէ «Դատալեքս» տեղեկատուական համակարգը:

Հայցով ՍԴ նախագահը վարչապետէն կը պահանջէ ներողութիւն խնդրել վիրաւորանք հանդիսացող արտայայտութիւններու համար եւ հերքել զրպարտութիւն հանդիսացող տեղեկութիւնները:

Այն մակագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Գայիանէ Խաչատրեանին: Դատական նիստի օրը դեռ նշանակուած չէ:

Վարչապետ Փաշինեանը, յիշեցնենք, ըսած էր, որ Թովմասեանն իր ծառայութիւնները առաջարկած է, շողոքորթած իրեն, իսկ Թովմասեանը այն հերքած էր: Ապա Փաշինեանը որպէս փաստ Թովմասեանի՝ իրեն նուիրած գրիչը հրապարակած էր, Թովմասեանն ալ յորդորած էր իր փաստաբաններուն հայցադիմում պատրաստել վարչապետի դէմ:

Ակնկալուած քուէները պիտի ստանանք. Արարատ Միրզոյեան
Նախորդ նիւթը

Ակնկալուած քուէները պիտի ստանանք. Արարատ Միրզոյեան

Մնացականեանն ու Լաւրովը անդրադարձած են ԼՂ խաղաղ գործընթացին
Յաջորդ նիւթը

Մնացականեանն ու Լաւրովը անդրադարձած են ԼՂ խաղաղ գործընթացին

ԱնցնիլՎեր