Մնացականեանն ու Լաւրովը անդրադարձած են ԼՂ խաղաղ գործընթացին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Ժընեւի մէջ հանդիպած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովին, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը: Մնացականեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Լաւրովին հանդիպելու եւ որոշ «հիմնական հարցեր» քննարկելու հնարաւորութեան համար: Աւելի ուշ Հայաստանի ԱԳՆ-էն տեղեկացուցած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապութեան շարք մը հարցեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներ: ԱԳ նախարարները անդրադարձ կատարած են նաեւ ԼՂ խաղաղ գործընթացին: Նախարարներու նախորդ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Նոյեմբերին Լաւրովի Երեւան այցի ընթացքին: Նախարարները կը մասնակցին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակով հանդիպման:
25 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Մնացականեանն ու Լաւրովը անդրադարձած են ԼՂ խաղաղ գործընթացին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Ժընեւի մէջ հանդիպած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովին, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:

Մնացականեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Լաւրովին հանդիպելու եւ որոշ «հիմնական հարցեր» քննարկելու հնարաւորութեան համար:

Աւելի ուշ Հայաստանի ԱԳՆ-էն տեղեկացուցած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապութեան շարք մը հարցեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներ:

ԱԳ նախարարները անդրադարձ կատարած են նաեւ ԼՂ խաղաղ գործընթացին:

Նախարարներու նախորդ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Նոյեմբերին Լաւրովի Երեւան այցի ընթացքին:

Նախարարները կը մասնակցին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակով հանդիպման:

Հրայր Թովմասեանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի
Նախորդ նիւթը

Հրայր Թովմասեանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի

Վարչապետ. Հայաստանէն ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանումն աճած է 10,3 տոկոսով
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետ. Հայաստանէն ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանումն աճած է 10,3 տոկոսով

ԱնցնիլՎեր