ՀՖՖ-ի նախագահ ընտրուեցաւ Արմէն Մելիքբեկեանը

ՀՖՖ անդամներու արտահերթ ժողովի պատուիրակներու կողմէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայի նախագահ ընտրուած է Արմէն Մելիքբեկեանը: ՀՖՖ նախագահի թեկնածուներէն Արմէն Մելիքբեկեանի օգտին քուէարկած էր 13 պատուիրակ, Թովմաս Գրիգորեանի օգտին՝ 7: Անվաւեր ճանչցուած է 3 քուէաթերթիկ: ՀՖՖ ժողովի 25 պատուիրակներէն ընտրութեան մասնակցած են 23-ը: Մէկ պատուիրակ ներկայ չէր ժողովին, մէկ պատուիրակ ալ չունէր համապատասխան անձը հաստատող փաստաթուղթ: ՀՖՖ նախագահի ընտրութեան յաջորդած է ՀՖՖ գործադիր կոմիտէի 16 անդամներու ընտրութիւնը, որու կազմէն ալ ՀՖՖ նախագահի առաջարկութեամբ պիտի ընտրուի ֆետերացիայի փոխնախագահ: Յիշեցնենք, որ 21 նոյեմբերին ՀՖՖ նախագահ Արթուր Վանեցեանը եւ ՀՖՖ գործադիր կոմիտէի անդամները հրաժարական տուած էին։ Նշենք, որ ՀՖՖ նոր նախագահի պաշտօնին առաջադրուած էին 3
24 Դեկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
ՀՖՖ-ի նախագահ ընտրուեցաւ Արմէն Մելիքբեկեանը

ՀՖՖ անդամներու արտահերթ ժողովի պատուիրակներու կողմէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայի նախագահ ընտրուած է Արմէն Մելիքբեկեանը:

ՀՖՖ նախագահի թեկնածուներէն Արմէն Մելիքբեկեանի օգտին քուէարկած էր 13 պատուիրակ, Թովմաս Գրիգորեանի օգտին՝ 7: Անվաւեր ճանչցուած է 3 քուէաթերթիկ:

ՀՖՖ ժողովի 25 պատուիրակներէն ընտրութեան մասնակցած են 23-ը: Մէկ պատուիրակ ներկայ չէր ժողովին, մէկ պատուիրակ ալ չունէր համապատասխան անձը հաստատող փաստաթուղթ:

ՀՖՖ նախագահի ընտրութեան յաջորդած է ՀՖՖ գործադիր կոմիտէի 16 անդամներու ընտրութիւնը, որու կազմէն ալ ՀՖՖ նախագահի առաջարկութեամբ պիտի ընտրուի ֆետերացիայի փոխնախագահ:

Յիշեցնենք, որ 21 նոյեմբերին ՀՖՖ նախագահ Արթուր Վանեցեանը եւ ՀՖՖ գործադիր կոմիտէի անդամները հրաժարական տուած էին։

Նշենք, որ ՀՖՖ նոր նախագահի պաշտօնին առաջադրուած էին 3 թեկնածու՝ Թովմաս Գրիգորեանը, Արմէն Մելիքբեկեանը եւ Խորէն Յովհաննիսեանը։ Վերջինս, սակայն, օրերս յայտ ներկայացուցած էր՝ չեղարկելու իր թեկնածութիւնը։

Մաշալեան Պատրիարք «Օսմանեան շրջանին այստեղ 2.5 միլիոն հայ կ'ապրէր, այժմ՝ 40-60 հազար»
Նախորդ նիւթը

Մաշալեան Պատրիարք «Օսմանեան շրջանին այստեղ 2.5 միլիոն հայ կ’ապրէր, այժմ՝ 40-60 հազար»

Կ'ուզեմ Ձեզի մեծ եռանդ ու առողջութիւն մաղթել, որպէսզի Ձեր առաքելութիւնը շարունակէք իրականացնել․ Փաշինեանը՝ Չեքիճեանին
Յաջորդ նիւթը

Կ’ուզեմ Ձեզի մեծ եռանդ ու առողջութիւն մաղթել, որպէսզի Ձեր առաքելութիւնը շարունակէք իրականացնել․ Փաշինեանը՝ Չեքիճեանին

ԱնցնիլՎեր