Ձեռնպահ մնայ սադրանքներէ եւ կեդրոնանայ խաղաղ բանակցութիւններուն վրայ. Աքքարի կոչը՝ Հայաստանին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, որ Հայաստանը պէտք է «խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ձեռք մեկնէ», այս մասին յայտնած է Anadolu-ն։ «Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստան սեղմէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեկնած՝ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ձեռքը, ձեռնպահ մնայ սադրանքներէ եւ կեդրոնանայ խաղաղ բանակցութիւններուն վրայ», ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: «Հայաստանը պէտք է ճիշդ օգտագործէ այս հնարաւորութիւնը։ Եթէ Հայաստանը պահպանէ հրադադարի համաձայնագիրը, ան կրնայ խաղաղութեան եւ կայունութեան մաս դառնալ։ Այդ կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու անվտանգութեանն ու տնտեսական բարգաւաճման»,- ըսած է ան, վստահեցնելով, որ Թուրքիան «միշտ հանդէս եկած է տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութեան, հանգստութեան ու կայունութեան օգտին»:
22 Դեկտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Ձեռնպահ մնայ սադրանքներէ եւ կեդրոնանայ խաղաղ բանակցութիւններուն վրայ. Աքքարի կոչը՝ Հայաստանին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, որ Հայաստանը պէտք է «խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ձեռք մեկնէ», այս մասին յայտնած է Anadolu-ն։

«Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստան սեղմէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեկնած՝ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ձեռքը, ձեռնպահ մնայ սադրանքներէ եւ կեդրոնանայ խաղաղ բանակցութիւններուն վրայ», ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:

«Հայաստանը պէտք է ճիշդ օգտագործէ այս հնարաւորութիւնը։ Եթէ Հայաստանը պահպանէ հրադադարի համաձայնագիրը, ան կրնայ խաղաղութեան եւ կայունութեան մաս դառնալ։ Այդ կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու անվտանգութեանն ու տնտեսական բարգաւաճման»,- ըսած է ան, վստահեցնելով, որ Թուրքիան «միշտ հանդէս եկած է տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութեան, հանգստութեան ու կայունութեան օգտին»:

Թուրքիոյ Կայսերի քաղաքին մէջ նախարար Աքար հիւրընկալած է ատրպէյճանցի եւ վրացի իր պաշտօնակիցները: Եռակողման հանդիպման ընթացքին դրացի երկիրներու պաշտօնեաները քննարկած են տարածաշրջանին մէջ ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան ընթացիկ ծրագիրները եւ հեռանկարները:

«Բոլորիս համար կարեւոր է ռազմավարական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը եւ մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը», յայտարարած է Աքար։

Ատրպէյճանցիները թոյլ չտուին ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժներու շարասիւնին՝ անցնիլ Լաչինի միջանցքով
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները թոյլ չտուին ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժներու շարասիւնին՝ անցնիլ Լաչինի միջանցքով

Ռուս խաղաղապահները եւս չեն կատարեր եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Ռուս խաղաղապահները եւս չեն կատարեր եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր