Ղազախստանի մէջ աւարտած է արտակարգ դրութեան ժամկէտը

Ղազախստանի մէջ այսօր աւարտած է անկարգութիւններու կապակցութեամբ սահմանուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը: Կառավարութիւնը յայտնած է, որ «սահմանադրական կարգը երկրին մէջ արդէն վերականգնուած է, սակայն հակաահաբեկչական գործողութիւնը կը շարունակուի»: Յիշեցնենք, որ արտակարգ դրութիւնը Յունուար 5-ին սահմանուած էր նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հրամանագրով: Ղազախստանի իշխանութիւնները դեռեւս չեն ներկայացուցած փաստեր, որոնք կը վկայեն ցոյցերուն ահաբեկիչներու մասնակցութեան եւ ընդվզումները դուրսէն ուղղորդելու մասին: Ղազախստանի իրաւապահները խոստացել են համապատասխան փաստեր տրամադրել անկարգութիւններու գործերով ընթացող հետաքննութիւններու աւարտէն յետոյ:
19 Հունվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Ղազախստանի մէջ աւարտած է արտակարգ դրութեան ժամկէտը

Ղազախստանի մէջ այսօր աւարտած է անկարգութիւններու կապակցութեամբ սահմանուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը:

Կառավարութիւնը յայտնած է, որ «սահմանադրական կարգը երկրին մէջ արդէն վերականգնուած է, սակայն հակաահաբեկչական գործողութիւնը կը շարունակուի»:

Յիշեցնենք, որ արտակարգ դրութիւնը Յունուար 5-ին սահմանուած էր նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հրամանագրով:

Ղազախստանի իշխանութիւնները դեռեւս չեն ներկայացուցած փաստեր, որոնք կը վկայեն ցոյցերուն ահաբեկիչներու մասնակցութեան եւ ընդվզումները դուրսէն ուղղորդելու մասին: Ղազախստանի իրաւապահները խոստացել են համապատասխան փաստեր տրամադրել անկարգութիւններու գործերով ընթացող հետաքննութիւններու աւարտէն յետոյ:

«Հրանդ Տինքի սպանութեան գործը կը կոծկուի». Կարօ Փայլան
Նախորդ նիւթը

«Հրանդ Տինքի սպանութեան գործը կը կոծկուի». Կարօ Փայլան

Պլինքըն-Լաւրով հանդիպում 21 Յունուարին
Յաջորդ նիւթը

Պլինքըն-Լաւրով հանդիպում 21 Յունուարին

ԱնցնիլՎեր