ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկած են Ղարաբաղի մէջ հրադադարի պահպանման վերահսկողութեան հարցը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ռեժիմի նկատմամբ վերահսկողութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին գիշերը լրագրողներուն ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպէնզիան, որ հոկտեմբերին կը նախագահէ Խորհուրդը, կը հաղորդէ TACC-ը: «Այժմ անհրաժեշտ է կիրառել զինադադարը, սա ամենահրատապ խնդիրն է, քանի որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, բայց այն չէ յարգուած», — ըսած է ան՝ աւելցելով, որ հիմնական հարցը կը մնայ, թէ ինչպէս ապահովել անոր իրականացման վերահսկողութիւնը: «Այս հարցը, ի հարկէ, քննարկուած է խորհրդակցութիւններու ընթացքին, եւ Խորհուրդը բաւականին միասնական է իր մօտեցումներուն մէջ», — շարունակած է մշտական ներկայացուցիչը: Միեւնոյն ժամանակ, ան բացատրած է, որ ՄԱԿ դիտորդական առաքելութուն տարածաշրջան
20 Հոկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկած են Ղարաբաղի մէջ հրադադարի պահպանման վերահսկողութեան հարցը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ռեժիմի նկատմամբ վերահսկողութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս մասին գիշերը լրագրողներուն ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպէնզիան, որ հոկտեմբերին կը նախագահէ Խորհուրդը, կը հաղորդէ TACC-ը:

«Այժմ անհրաժեշտ է կիրառել զինադադարը, սա ամենահրատապ խնդիրն է, քանի որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, բայց այն չէ յարգուած», — ըսած է ան՝ աւելցելով, որ հիմնական հարցը կը մնայ, թէ ինչպէս ապահովել անոր իրականացման վերահսկողութիւնը:

«Այս հարցը, ի հարկէ, քննարկուած է խորհրդակցութիւններու ընթացքին, եւ Խորհուրդը բաւականին միասնական է իր մօտեցումներուն մէջ», — շարունակած է մշտական ներկայացուցիչը: Միեւնոյն ժամանակ, ան բացատրած է, որ ՄԱԿ դիտորդական առաքելութուն տարածաշրջան ուղարկելու համար «Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ յատուկ մանտաթ կը պահանջուի, որովհետեւ այն արագ գործընթաց չէ»: «Տեղեկութիւններ կային, որ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի գործընկերներուն հետ քննարկած է, թէ ինչպէս կրնայ իրականացուիլ այդ վերահսկողութիւնը», -մանրամասնած է Նեպէնզիան:

Դիւանագէտը չէ բացառած, որ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը կրնայ զբաղուիլ դիտարկմամբ, մանաւանդ որ այդ կազմակերպութիւնը կը զբաղուի հակամարտութեան կարգաւորմամբ: «Ով պիտի ըլլայ այնտեղ, ինչ կարգավիճակով պիտի ըլլայ, դեռ հարց է, որ կը քննարկուի», — աւելցուցած է ան:

 

Գիշերուայ ընթացքին յատկապէս ծանր մարտեր ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ
Նախորդ նիւթը

Գիշերուայ ընթացքին յատկապէս ծանր մարտեր ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ

Հիւսիսային թեւին վրայ հակառակորդը կը կիրառէ օդուժ եւ հրետանի. ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Հիւսիսային թեւին վրայ հակառակորդը կը կիրառէ օդուժ եւ հրետանի. ՊՆ

ԱնցնիլՎեր