Մահացած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեանը

98 տարեկանին  Փարիզի մէջ մահացած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեանը (Richard Jeranian)։ Ռիշար (Խաչատուր) Անդրանիկի Ժերանեանը ծնած է Սեբաստիա քաղաքը, 17 Յուլիսի 1921-ին, 7 տարեկանէն ապրած է Ֆրանսայի մէջ։ 1938-1942 թուականներուն սորված է Մարսէյլի գեղարուեստի դպրոցէն ներս, 1946-1948 թուականներուն` Փարիզի Կրան-Շոմիէր եւ Ժիւլիան ակադեմիաներուն մէջ։ Ժերանեանը ստեղծած է հիմնական իրաւապաշտական բնապատկերներ, նաթիւրմորտներ, կրաֆիքական քոմփոզիցիաներ, կանանց մարմնապատկերներ։ Արուեստագէտը իր ստեղծագործական կեանքի ողջ ընթացքին բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ունեցած է աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ (Փարիզ, Մարսէյլ, Պէյրութ, Թեհրան, Ժընեւ, Միւնխէն, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Տալլաս, Երեւան, Գիւմրի եւ այլն), արժանացած է շարք մը մրցանակներու: Խորհրդային տարիներէն ի վեր (1950-ական թուականներէն սկսեալ) արուեստագէտը պարբերաբար ցուցադրուած է Հայաստանի մէջ: 2011 -ին ան վերջին անգամ եկած էր Հայաստան, բացուած էր նկարիչի  անհատական ցուցահանդէսը: Արուեստաբան Լիլիթ
14 Հոկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Մահացած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեանը

98 տարեկանին  Փարիզի մէջ մահացած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեանը (Richard Jeranian)։

Ռիշար (Խաչատուր) Անդրանիկի Ժերանեանը ծնած է Սեբաստիա քաղաքը, 17 Յուլիսի 1921-ին, 7 տարեկանէն ապրած է Ֆրանսայի մէջ։ 1938-1942 թուականներուն սորված է Մարսէյլի գեղարուեստի դպրոցէն ներս, 1946-1948 թուականներուն` Փարիզի Կրան-Շոմիէր եւ Ժիւլիան ակադեմիաներուն մէջ։

Ժերանեանը ստեղծած է հիմնական իրաւապաշտական բնապատկերներ, նաթիւրմորտներ, կրաֆիքական քոմփոզիցիաներ, կանանց մարմնապատկերներ։ Արուեստագէտը իր ստեղծագործական կեանքի ողջ ընթացքին բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ունեցած է աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ (Փարիզ, Մարսէյլ, Պէյրութ, Թեհրան, Ժընեւ, Միւնխէն, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Տալլաս, Երեւան, Գիւմրի եւ այլն), արժանացած է շարք մը մրցանակներու:

Խորհրդային տարիներէն ի վեր (1950-ական թուականներէն սկսեալ) արուեստագէտը պարբերաբար ցուցադրուած է Հայաստանի մէջ: 2011 -ին ան վերջին անգամ եկած էր Հայաստան, բացուած էր նկարիչի  անհատական ցուցահանդէսը:

Արուեստաբան Լիլիթ Սարգսեանի բնորոշմամբ, Ռ. Ժերանեանը կարծես հանդիսացած է Հայաստանի «արուեստագէտ-դեսապանը» Եւրոպայի եւ Եւրոպայինը` Հայաստանի մէջ:

 


Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը նիուազած է, իսկ արեւային ջերմուժի արտադրութիւնը 2,9 անգամ աճած
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը նիուազած է, իսկ արեւային ջերմուժի արտադրութիւնը 2,9 անգամ աճած

Նոր Մարաշէն... Թալապիա (Տեսարաններ)
Յաջորդ նիւթը

Նոր Մարաշէն… Թալապիա (Տեսարաններ)

ԱնցնիլՎեր