Մարիուփոլը ամբողջութեամբ ազատագրուած է. Շոյկուն Փութինին զեկուցած է ռազմական գործողութիւններու մասին

Ռուսաստանի պաշտպանութեն նախարար Շոյկուն Փութինին զեկուցած է Մարիուփոլի ազատագրման մասին։ Անոր խօսքով, Մարիուփոլի շրջափակման ժամանակ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու խմբաւորման, օտարերկրեայ վարձկաններու թիւը կը կազմէր մօտ 8100 մարդ: Շոյկուն նաեւ յայտնած է, որ «Ազովսթալ» գործարանի տարածքին մէջ արգելափակուած է աւելի քան երկու հազար զինեալ։ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարին խօսքով՝ չնայած զինեալներու հակազդեցութեան, Մարիուփոլի մէջ տարհանուած է աւելի քան 142 հազար քաղաքացի, իսկ նաւահանգիստին մէջ գտնուող բոլոր պատանդները ազատ արձակուած են։ Շոյկուն ըսած է, որ Ռուսաստանի զինուած ուժերուն երեքէն չորս օր պիտի պահանջուի «Ազովսթալ»-ի մէջ աշխատանքները աւարտելու համար, ուր արգելափակուած են գրոհայինները: Անոր խօսքով, այժմ ամբողջ Մարիուփոլը կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերու
21 Ապրիլի 2022
2 ր. ընթերցում
Մարիուփոլը ամբողջութեամբ ազատագրուած է. Շոյկուն Փութինին զեկուցած է ռազմական գործողութիւններու մասին

Ռուսաստանի պաշտպանութեն նախարար Շոյկուն Փութինին զեկուցած է Մարիուփոլի ազատագրման մասին։ Անոր խօսքով, Մարիուփոլի շրջափակման ժամանակ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու խմբաւորման, օտարերկրեայ վարձկաններու թիւը կը կազմէր մօտ 8100 մարդ:

Շոյկուն նաեւ յայտնած է, որ «Ազովսթալ» գործարանի տարածքին մէջ արգելափակուած է աւելի քան երկու հազար զինեալ։

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարին խօսքով՝ չնայած զինեալներու հակազդեցութեան, Մարիուփոլի մէջ տարհանուած է աւելի քան 142 հազար քաղաքացի, իսկ նաւահանգիստին մէջ գտնուող բոլոր պատանդները ազատ արձակուած են։

Շոյկուն ըսած է, որ Ռուսաստանի զինուած ուժերուն երեքէն չորս օր պիտի պահանջուի «Ազովսթալ»-ի մէջ աշխատանքները աւարտելու համար, ուր արգելափակուած են գրոհայինները:

Անոր խօսքով, այժմ ամբողջ Մարիուփոլը կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերու եւ Տոնացքի եւ Լուկանսքի ժողովրդավարական հանրապետութիւններու վերահսկողութեան տակ:

Պիտի կատարուի Ընկ.Արա Ահարոնեանի մահուան Ա. Տարելիցը
Նախորդ նիւթը

Պիտի կատարուի Ընկ.Արա Ահարոնեանի մահուան Ա. Տարելիցը

Հայոց ցեղասպանութեան թեման դասաւանդել որպէս առանձին առարկայ. Առաջարկ՝ Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկէն
Յաջորդ նիւթը

Հայոց ցեղասպանութեան թեման դասաւանդել որպէս առանձին առարկայ. Առաջարկ՝ Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկէն

ԱնցնիլՎեր