Մաքրոն Ալիեւի հետ քննարկած է տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները

Այսօր հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Ինչպէս կը հաղորդեն ատրպեճանական ԶԼՄ-ները՝ յղում կատարելով Էլիզեան պալատին, երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները: «Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը պայմանաւորուած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ համագործակցութեան մասին՝ ապաւինելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու (Ռուսաստան, Ֆրանսա, ԱՄՆ) աջակցութեան»,- յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով երկու առաջնորդներու հեռախօսազրոյցի մասին Էլիզեան պալատի յայտարարութիւնը: Զրոյցի ընթացքին Մաքրոն մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան վերաբերեալ: «Նախագահները քննարկած են տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը եւ մնացած դժուարութիւնները, որոնք պէտք է յաղթահարուին 9 Նոյեմբերի (2020թ․)
5 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Մաքրոն Ալիեւի հետ քննարկած է տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները

Այսօր հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։

Ինչպէս կը հաղորդեն ատրպեճանական ԶԼՄ-ները՝ յղում կատարելով Էլիզեան պալատին, երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները:

«Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը պայմանաւորուած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ համագործակցութեան մասին՝ ապաւինելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու (Ռուսաստան, Ֆրանսա, ԱՄՆ) աջակցութեան»,- յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով երկու առաջնորդներու հեռախօսազրոյցի մասին Էլիզեան պալատի յայտարարութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին Մաքրոն մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան վերաբերեալ: «Նախագահները քննարկած են տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը եւ մնացած դժուարութիւնները, որոնք պէտք է յաղթահարուին 9 Նոյեմբերի (2020թ․) համաձայնագրի լոյսի ներքոյ, որուն կ’աջակցի Ֆրանսան», -աւելցուցած է վարչակազմը:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իպրահիմ Ռայիսին քննարկած են հայ-իրանական համագործակցութեան ընդլայնման հարցերու լայն շրջանակ
Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իպրահիմ Ռայիսին քննարկած են հայ-իրանական համագործակցութեան ընդլայնման հարցերու լայն շրջանակ

Ռուսաստան արձագանգած է Հայաստանի սահմանին ուժեր տեղեկայելու թեմային
Յաջորդ նիւթը

Ռուսաստան արձագանգած է Հայաստանի սահմանին ուժեր տեղեկայելու թեմային

ԱնցնիլՎեր