Մերքէլը կոչ ըրած է Էրտողանին անյապաղ դադրեցնելու ռազմական յարձակումը Սուրիոյ վրայ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, կոչ ըրած է «անյապաղ դադրեցնել» Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական յարձակումը, կը հաղորդէ DW-ը՝ վկայակոչելով Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարը: Մերքէլի կարծիքով՝ հակառակ սեփական անվտանգութեան ոլորտի մէջ Թուրքիոյ արդարացուած շահերուն՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ռազմական գործողութիւնները կը յանգեցնեն բազմաթիւ տեղաբնակներու հարկադիր գաղթին, տարածաշրջանի ապակայունացման եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ամրապնդման: Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է Էրտողանի նախաձեռնութեամբ, մանրամասնած է Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը:
14 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Մերքէլը կոչ ըրած է Էրտողանին անյապաղ դադրեցնելու ռազմական յարձակումը Սուրիոյ վրայ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, կոչ ըրած է «անյապաղ դադրեցնել» Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական յարձակումը, կը հաղորդէ DW-ը՝ վկայակոչելով Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարը:

Մերքէլի կարծիքով՝ հակառակ սեփական անվտանգութեան ոլորտի մէջ Թուրքիոյ արդարացուած շահերուն՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ռազմական գործողութիւնները կը յանգեցնեն բազմաթիւ տեղաբնակներու հարկադիր գաղթին, տարածաշրջանի ապակայունացման եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ամրապնդման:

Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է Էրտողանի նախաձեռնութեամբ, մանրամասնած է Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը:

«Եւրոմիութի՛ւն, ուշքի եկո՛ւր վերջապէս». Էրտողանը կը սպառնայ ԵՄ-ին բանալ սահմանները փախստականներու առաջ
Նախորդ նիւթը

«Եւրոմիութի՛ւն, ուշքի եկո՛ւր վերջապէս». Էրտողանը կը սպառնայ ԵՄ-ին բանալ սահմանները փախստականներու առաջ

Վրաստանի վարչապետը պիտի ժամանէ Հայաստան
Յաջորդ նիւթը

Վրաստանի վարչապետը պիտի ժամանէ Հայաստան

ԱնցնիլՎեր