Մեր առաջընթացը հնարաւոր չէ զսպել. մենք պիտի ամրապնդենք ՆԱԹՕ-ի ներկայութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիք ծով. Պլինքըն

Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կ’աւելցնէ իր ներկայութիւնը «Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիկ ծով»։ Այս մասին Պուխարեստի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը: «Մեր առաջընթացը հնարաւոր չէ զսպել: Մենք կ’ամրապնդենք ՆԱԹՕ-ի ներկայութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիկ ծով: Եւ այս ջանքերու ծիրին մէջ մենք մշտապէս կ’աշխատինք իրար հետ… Ռումանիան չափազանց կարեւոր մասնակից է այդ ջանքերուն եւ, ի հարկէ, աւելի լայն ջանքերուն, որպէսզի ՆԱԹՕ-ն ըլլայ ամենաուժեղ պաշտպանական դաշինքը»,- ըսած է դիւանագէտը Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուի հետ հանդիպումէն յետոյ։ Ան աւելցուցած է, որ սեւծովեան տարածաշրջանը ռազմավարական նշանակութիւն ունի դաշինքի համար եւ կը հանդիսանայ «ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան» չափազանց կարեւոր
2 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Մեր առաջընթացը հնարաւոր չէ զսպել. մենք պիտի ամրապնդենք ՆԱԹՕ-ի ներկայութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիք ծով. Պլինքըն

Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կ’աւելցնէ իր ներկայութիւնը «Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիկ ծով»։ Այս մասին Պուխարեստի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:

«Մեր առաջընթացը հնարաւոր չէ զսպել: Մենք կ’ամրապնդենք ՆԱԹՕ-ի ներկայութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիկ ծով: Եւ այս ջանքերու ծիրին մէջ մենք մշտապէս կ’աշխատինք իրար հետ… Ռումանիան չափազանց կարեւոր մասնակից է այդ ջանքերուն եւ, ի հարկէ, աւելի լայն ջանքերուն, որպէսզի ՆԱԹՕ-ն ըլլայ ամենաուժեղ պաշտպանական դաշինքը»,- ըսած է դիւանագէտը Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուի հետ հանդիպումէն յետոյ։

Ան աւելցուցած է, որ սեւծովեան տարածաշրջանը ռազմավարական նշանակութիւն ունի դաշինքի համար եւ կը հանդիսանայ «ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան» չափազանց կարեւոր տարր։

«Մենք յանձնառու ենք կառուցելու ժամանակակից եւ փոխգործունակ զինուած ուժեր, որոնք օգտակար պիտի ըլլան ՆԱԹՕ-ին ողջ տարածքին մէջ, այդ թուին՝ Սեւ ծովին մէջ»,- ըսած է Պլինքըն։

Մօտ ապագային հաւանական է անձնագիրներով հնարաւոր ըլլայ հատել հայ-թրքական սահմանը. Քալըն
Նախորդ նիւթը

Մօտ ապագային հաւանական է անձնագիրներով հնարաւոր ըլլայ հատել հայ-թրքական սահմանը. Քալըն

Ատրպէյճանը պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տալ իրաւունքներու այն երաշխիքները, որոնք ունին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիները. Լաւրով
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տալ իրաւունքներու այն երաշխիքները, որոնք ունին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիները. Լաւրով

ԱնցնիլՎեր