Մինչ օրս մենք կրցած ենք վերադարձնել 104 ռազմագերի․ Նիկոլ Փաշինեան

Ի հեճուկս իր ստանձնած պարտաւորութիւններու՝ Ատրպէյճանը մինչ օրս չէ վերադարձուցած մեր ռազմագերիները։ Այս մասին Կառավարութեան նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։ «Ամէն դէպքում, միջազգային մեր գործընկերների հետ մեր համագործակցութեամբ մինչ օրս մենք կարողացել ենք վերադարձնել 104 ռազմագերու։ Մենք շարունակելու ենք աշխատել մեր բոլոր ռազմագերիների վերադարձի ուղղութեամբ»,-ըսած է ան։ Փաշինեանի խօսքով՝ Ղարաբաղի հարցի համապարփակ կարգաւորման, սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը եղած են, կան եւ պիտի ըլլան ՀՀ առաջնահերթութիւններու շարքին։ «Ատրպէյճանն իր ապակառուցողական գործողութիւններով ոչ միայն խախտում է Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը, այլեւ փորձում է խաթարել Յունուարի 11-ի՝ եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած տարածաշրջանային ենթակառուցուածքների ապաշրջափակման գործընթացը»,-ըսած է ան։
15 Հուլիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Մինչ օրս մենք կրցած ենք վերադարձնել 104 ռազմագերի․ Նիկոլ Փաշինեան

Ի հեճուկս իր ստանձնած պարտաւորութիւններու՝ Ատրպէյճանը մինչ օրս չէ վերադարձուցած մեր ռազմագերիները։ Այս մասին Կառավարութեան նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։

«Ամէն դէպքում, միջազգային մեր գործընկերների հետ մեր համագործակցութեամբ մինչ օրս մենք կարողացել ենք վերադարձնել 104 ռազմագերու։ Մենք շարունակելու ենք աշխատել մեր բոլոր ռազմագերիների վերադարձի ուղղութեամբ»,-ըսած է ան։

Փաշինեանի խօսքով՝ Ղարաբաղի հարցի համապարփակ կարգաւորման, սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը եղած են, կան եւ պիտի ըլլան ՀՀ առաջնահերթութիւններու շարքին։

«Ատրպէյճանն իր ապակառուցողական գործողութիւններով ոչ միայն խախտում է Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը, այլեւ փորձում է խաթարել Յունուարի 11-ի՝ եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած տարածաշրջանային ենթակառուցուածքների ապաշրջափակման գործընթացը»,-ըսած է ան։

Ատրպէյճանը ամէն ինչ կ'ընէ՝ խաղաղութիւնը խոչընդոտելու համար. Նիկոլ Փաշինեանի պատասխանը Ալիեւին
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանը ամէն ինչ կ’ընէ՝ խաղաղութիւնը խոչընդոտելու համար. Նիկոլ Փաշինեանի պատասխանը Ալիեւին

Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի երրորդ ալիքի շեմին է. ԱՀԿ գլխաւոր տնօրէն
Յաջորդ նիւթը

Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի երրորդ ալիքի շեմին է. ԱՀԿ գլխաւոր տնօրէն

ԱնցնիլՎեր