Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի երրորդ ալիքի շեմին է. ԱՀԿ գլխաւոր տնօրէն

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումներու թիւի աճի հիմնական պատճառը «Տելթա» շտամն է: Այս մասին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Արտակարգ յանձնաժողովի նիստի բացման յայտարարած է կառոյցի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրեյէսուսը: «Տելթա» շտամը վարակումներու ներկայիս աճի հիմնական պատճառներէն է, այն կ’օգտուի ընկերային փոխգործակցութեան ու մարդոց տեղաշարժի աճէն»,- նշած է ան: Կեպրեյէսուսի խօսքով՝ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակչութեան պատուաստումներու մակարդակի աճը սկսած էր տալ դրական արդիւնքներ, նուազած էր մահացութիւններու թիւը: Սակայն ան յայտնած է, որ այժմ իրադրութիւնը կրկին կը փոխուի եւ աշխարհը «Քորոնա» ժահրի «երրորդ ալիքի շեմին է»: «Նախորդ շաբաթ արդէն չորրորդ անընդմէջ շաբաթն էր, որու ընթացքին աշխարհի մէջ աճած է «Քորոնա» ժահրով
15 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի երրորդ ալիքի շեմին է. ԱՀԿ գլխաւոր տնօրէն

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումներու թիւի աճի հիմնական պատճառը «Տելթա» շտամն է: Այս մասին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Արտակարգ յանձնաժողովի նիստի բացման յայտարարած է կառոյցի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրեյէսուսը:

«Տելթա» շտամը վարակումներու ներկայիս աճի հիմնական պատճառներէն է, այն կ’օգտուի ընկերային փոխգործակցութեան ու մարդոց տեղաշարժի աճէն»,- նշած է ան:

Կեպրեյէսուսի խօսքով՝ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակչութեան պատուաստումներու մակարդակի աճը սկսած էր տալ դրական արդիւնքներ, նուազած էր մահացութիւններու թիւը: Սակայն ան յայտնած է, որ այժմ իրադրութիւնը կրկին կը փոխուի եւ աշխարհը «Քորոնա» ժահրի «երրորդ ալիքի շեմին է»:

«Նախորդ շաբաթ արդէն չորրորդ անընդմէջ շաբաթն էր, որու ընթացքին աշխարհի մէջ աճած է «Քորոնա» ժահրով վարակումներու թիւը: 10 շաբթուան նուազման ցուցանիշներէն ետք սկսած է աճիլ նաեւ մահացութեան մակարդակը»,- յայտնած է Կեպրեյէսուսը:

Մինչ օրս մենք կրցած ենք վերադարձնել 104 ռազմագերի․ Նիկոլ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Մինչ օրս մենք կրցած ենք վերադարձնել 104 ռազմագերի․ Նիկոլ Փաշինեան

Պայտըն եւ Մերքէլ ստորագրած են «Ուաշինկթընեան հռչակագիր»ը
Յաջորդ նիւթը

Պայտըն եւ Մերքէլ ստորագրած են «Ուաշինկթընեան հռչակագիր»ը

ԱնցնիլՎեր