«Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ հաշտութեան պայմանագրի կնքման եւ ԼՂ կարգավիճակի որոշման խնդրի շուրջ քննարկումներուն». Զախարովա

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան իր ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղին եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն: Ան ընդգծած է, թէ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ հաշտութեան պայմանագրի կնքման եւ ԼՂ կարգավիճակի որոշման խնդրի շուրջ քննարկումներուն: «Ցաւօք, կողմերու միջեւ կը պահպանուին քաղաքական հարցերու շուրջ սկզբունքային տարաձայնութիւններ, ուստի տուեալ փուլին առաջնային կը համարենք 2020-ի 9 Նոյեմբերի եւ 2021-ի 11 Յունուարի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներու աներկբայ կատարումը եւ, ի հարկէ, առաջին հերթին այդ կը վերաբերի կրակի դադրեցման ռեժիմի պահպանման, մարդասիրական հարցերու լուծման, տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաարգելափակման եւ յոյս ունինք, որ տուեալ քայլերը կ’օգնեն պայմաններ ստեղծելու
9 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
«Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ հաշտութեան պայմանագրի կնքման եւ ԼՂ կարգավիճակի որոշման խնդրի շուրջ քննարկումներուն». Զախարովա

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան իր ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղին եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն:

Ան ընդգծած է, թէ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ հաշտութեան պայմանագրի կնքման եւ ԼՂ կարգավիճակի որոշման խնդրի շուրջ քննարկումներուն:

«Ցաւօք, կողմերու միջեւ կը պահպանուին քաղաքական հարցերու շուրջ սկզբունքային տարաձայնութիւններ, ուստի տուեալ փուլին առաջնային կը համարենք 2020-ի 9 Նոյեմբերի եւ 2021-ի 11 Յունուարի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներու աներկբայ կատարումը եւ, ի հարկէ, առաջին հերթին այդ կը վերաբերի կրակի դադրեցման ռեժիմի պահպանման, մարդասիրական հարցերու լուծման, տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաարգելափակման եւ յոյս ունինք, որ տուեալ քայլերը կ’օգնեն պայմաններ ստեղծելու հայ-ատրպէյճանական կապերու եւ վերջնական քաղաքական կարգաւորման համար»,-ըսած է Զախարովան:

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները արդիւնաւէտ գնահատած են երկկողմ բանակցութիւնները
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները արդիւնաւէտ գնահատած են երկկողմ բանակցութիւնները

Ինը ամիս ետք Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն
Յաջորդ նիւթը

Ինը ամիս ետք Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն

ԱնցնիլՎեր